Թիֆլիսի Մէջ Նշուեցաւ Սայաթ Նովայի Նուիրուած Վարդատօնին 112-ամեակը
Մայիս 31-ին, Թիֆլիսի պատմական Մէյտանի հրապարակին մէջ 112-րդ անգամ նշուեցաւ աւանդական Վարդատօնը՝ նուիրուած մեծ աշուղ Սայաթ Նովայի յիշատակին։ Տօնական ձեռնարկը տարիներէ ի վեր կը համախմբէ հայ համայնքը, մշակութային գործիչներն ու բազմաթիւ հիւրեր՝ ընդգծելով Սայաթ Նովայի ստեղծագործական ժառանգութեան կենդանի ներկայութիւնը շրջանի մշակութային կեանքին մէջ։
Վարդատօնը կազմակերպուած էր Վիրահայոց թեմին եւ շարք մը մշակութային կառոյցներու նախաձեռնութեամբ։ Օրուան ընթացքին մասնակիցները նախ այցելեցին Սուրբ Գէորգ եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, ապա ծաղիկներ զետեղեցին Սայաթ Նովայի շիրիմին վրայ՝ յարգանքի տուրք մատուցելով անոր յիշատակին։
Տօնական ծրագիրը շարունակուեցաւ Մէյտանի հրապարակին մէջ՝ երաժշտական եւ պարային ելոյթներով։ Համերգային ծրագիրին մասնակցեցան Թիֆլիսի եւ Ջաւախքի տարբեր ստեղծագործական խումբեր ու անհատ կատարողներ, որոնք ներկայացուցին բազմազան մշակութային կատարումներ։
Վարդատօնը ոչ միայն յիշատակի օր մըն է, այլ նաեւ մշակութային կամուրջ՝ նոր սերունդներուն փոխանցելու Սայաթ Նովայի հարուստ ժառանգութիւնն ու հայ, վրացական եւ տարածաշրջանային արուեստի զարգացման մէջ ունեցած անոր ներդրումը։ Միջոցառման ընթացքին հրապարակը լեցուն էր երաժշտութեամբ, պարով եւ տօնական մթնոլորտով՝ ընդգծելով Վարդատօնի համախմբող ուժը։
Այս աւանդութեան սկիզբը դրուեցաւ 1914-ին Թիֆլիսիի մէջ, երբ Յովհաննէս Թումանեանի եւ շարք մը այլ մտաւորականներու նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ Սայաթ Նովայի յիշատակին նուիրուած առաջին ծաղկահաւաքն ու արարողութիւնը։ Այդ օրէն ի վեր Վարդատօնը դարձած է Թիֆլիսիի հայկական մշակութային կեանքի ամէնէն նշանաւոր ձեռնարկներէն մէկը, որ կը պահպանուի եւ կը շարունակուի մինչեւ այսօր։
