Հայ Դատի Ջատագովման Օրեր Մայրաքաղաք Ուաշինկթընի Մէջ՝ Սեպտեմբեր 14-15ին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Միացեալ Նահանգներու տարածքին Նոյեմբեր 3ին կայանալիք քոնկրեսական, նահանգային եւ տեղական ընտրութիւններէն 50 օր առաջ, Արեւմտեան եւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբերուն նախաձեռնութեամբ եւ համագործակցութեամբ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կեդրոնական գրասենեակին, Սեպտեմբեր 14-15ին, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ տեղի պիտի ունենան Հայ Դատը ջատագովելու հանդիպումներ եւ հաւաք մը, որոնց ընթացքին շեշտը պիտի դրուի հայութիւնը յուզող հարցերուն վրայ։

Հայութեան քուէներէն առաւելագոյն քաղաքական շահերը ապահովելու նպատակով, հանդիպումներ տեղի պիտի ունենան քոնկրեսականներու եւ անոնց ներկայացուցիչներուն հետ, քննարկելու համար Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերուն վերադարձի իրաւունքը, Ատրպէյճանի կողմէ ապօրինի կերպով պահուող հայ գերիներուն անյապաղ ազատ արձակումը, «Ազատութեան աջակցութեան օրէնքի» 907րդ կէտի ամբողջական կիրառումը, որպէսզի կասեցուի ամերիկեան ռազմական օժանդակութիւնները՝ Պաքուին:

Սեպտեմբեր 15ին, երեկոյեան ժամը 5։30էն սկսեալ, տեղի պիտի ունենայ «Պատասխանատուութիւն 2026․ Արցախ, Արդարութիւն, Ազատութիւն, Վերադարձի Իրաւունք» խորագրուած հաւաք մը Քոնկրեսի շէնքին մէջ, նշելու համար 2023ի Սեպտեմբերին, Պաքուի կողմէ Արցախի մէջ իրագործուած ցեղասպանական արշաւին տարելիցը:

Ծրագիրը պիտի համախմբէ Քոնկրեսի անդամներ, հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, մարդկային իրաւունքներու պաշտպաններ եւ հայ համայնքի գործիչներու նոր սերունդի ներկայացուցիչները։

Անոնք, որոնք կը փափաքին իրենց մասնակցութիւնը բերել այս հաւաքներուն, կրնան մինչեւ Օգոստոս 16 այցելել կայքէջը: