«Մի Պարուր Սէր»․ Մեծ Երազանքս Է, որ Բոլորը Գիտնան, թէ Որքան Դրական Աշխարհի Մէջ Կ՝ապրինք․ Աննա Դաւթեան՝ «Էթիւնէ`ս»
Աննայի պատրաստած «Մի պարուր սէր» ու Արցախեան Արեւագորգ օճառներն ու եթերաիւղերը կրնան լաւ օր տրամադրել բոլորիս։
Թէ ինչպէս, արձակուրդի ընթացքին նուէր ստացած հայկական արտադրութեան մազի օճառը (shampoo), մասնագիտութեամբ լրագրող Աննայի մէջ արթնցուց իր ապրանքանիշը ստեղծելու ցանկութիւնը․ «Ինչո՞ւ չստեղծել իմ ապրանքանիշը, չունենալ իմը»։ Եւ իսկապէս ինչո՞ւ, մանաւանդ, որ Աննա իր ժամանակին մեծ մասը կ՝անցնէր Տաւուշի հարուստ բնութեան մէջ։

Հետեւելով դասընթացներու, Աննան կը սորվի բնական օճառներ պատրաստելու եղանակները։ Մասնաւորապէս շատ հետաքրքրուած էր դէմքի համար օգտագործուող բնական օճառներով, որոնց համար անհրաժեշտ էր իւղերու պատրաստութիւնը։

«Ուսումնասիրեցի տաւուշեան խոտաբոյսերը, հասկցայ, թէ ինչքան հզօր բաղադրիչներ կը պարունակեն անոնք, եւ որոշեցի խնամքի միջոցներու brand (ապրանքանիշ) ստեղծել, անունը «էթիւնէ`ս» (Etiune`s)»,- կ՝ըսէ Աննան, ու կը նշէ, թէ Քրիստոսէ առաջ, Ուրարտական շրջանէն ալ առաջ, գոյութիւն ունեցած է հայկական միաւորում, որուն անունը եղած է Էթիւնէ, իսկ միաւորման անդամները կոչուած են էթիւնէներ։

«Եւ որպէսզի աշխարհին յայտնեմ, թէ մենք որքան հին ազգ ենք, եւ որ ունեցած ենք Էթիւնէ աշխարհ, ուստի brand-ը անուանեցի «Էթիւնէ`ս», օգտագործելով անգլերէնի սեռական հոլովի «ս» մասնիկը՝ հաշուի առնելով, որ անիկա պիտի ունենայ շարք՝ էթիւնէի օճառ, էթիւնէի իւղեր, էթիւնէի լոգանքի թէյեր եւ այլն»,- կը շեշտէ Աննան ու կը պատմէ, թէ ինչպէս, մէկ տարի առաջ, գարնան, ընտանիքին հետ միասին կը սկսին բոյսեր հաւաքել։ «Կը մեկնէինք Տաւուշի սարերը, կը հաւաքէինք լաւագոյն բոյսերը ու կը չորցնէինք, հակառակ անոր, որ դեռ չէի գիտեր ինչ պիտի ընէի անոնց հետ»,- կը նշէ ան ու կը յայտնէ, թէ ինչպէս կը ստեղծէ առաջին օճառները՝ դէմքը խոնաւեցնող ու մաքրող։ Այնուհետեւ կը ստեղծէ ծաղկաջուրերը։ «Կը հաւաքենք թարմ բոյսերը՝ եղինջ, դաղձ, դափնիի տերեւ ու այնպէս, ինչպէս կը թորեն օղին, կը սկսինք թորել այս բոյսերը եւ ստանալ ծաղկաջուրեր, որոնք հարուստ են տարբեր կենսանիւթերով, հարուստ բաղադրիչներով, որոնք կը սնուցանեն մաշկը, գլխամաշկը, կը կանխեն մազաթափութիւնը, թեփը, ինչպէս նաեւ կը պայքարին դէմքի բիկմենթացիաներուն (գունաւորում) դէմ, խոնաւեցնող եւ նման օգտակար նիւթեր»,- կը պատմէ Աննան ու կը շեշտէ, որ իր ստեղծած ապրանքանիշերուն մէջ պահածոյացնող կամ ժամկէտը երկարող ոչ մէկ նիւթ կայ, այդ պատճառով ալ ժամկէտները շատ կարճ են։ «Ասիկա ինծի համար շատ կարեւոր է, աւելի լաւ է բնականը պահպանել, քան պահածոյացնող նիւթ աւելցնելով փճացնել նիւթին բաղադրիչները»,- կ՝ընդգծէ ան։

Չորածաղիկները Աննան կ՝օգտագործէ օճառներու մէջ, ինչպէս՝ ուրձի եւ դաղձի օճառները, որոնց մէջ կան մանրածաղիկներ ու բուսական եթերաիւղեր։ Կը ստեղծէ նաեւ բազմատեսակ ծաղիկներով պատրաստուած լուացուելու եւ լոգանքի «թէյեր»՝ հայկական բոյսերուն հետ օգտագործելով նաեւ ծովու աղ։ Լուացուելու եւ լոգանքի այս «թէյեր»ը ունին հանգստացնող ու մաշկը սնուցող յատկութիւններ, անոնք կը պայքարին քերուըտուքի եւ վէրքերու դէմ։ «Նշեմ, որ իւրաքանչիւր բոյս ունի իր պատմութիւնը․ օրինակ, երբ կը հաւաքէի մակարդախոտը եւ ընթացքին կ՝ուսումնասիրէի զայն, պարզուեցաւ, որ հին յոյները, պատերազմներու ժամանակ, այս բոյսը թարմ վիճակով կ՝օգտագործէին վէրքերը բուժելու համար։ Մակարդախոտը նաեւ կը համարուի Քրիստոսի բոյսը․ երբ Յիսուս ծնած է, Զինք պարուրած են այդ բոյսով, որովհետեւ անիկա շատ քնքուշ բոյս է։ Ներշնչուելով այս բոլորէն, այդ բոյսով ստեղծեցի օճառ ու զայն անուանեցի «մի պարուր սէր»»,- կը պատմէ Աննան՝ նշելով, որ բոլոր բոյսերուն մասին կան հետաքրքրական պատմութիւններ, հետաքրքրական նիւթեր, որոնց մասին, ան, ժամանակ առ ժամանակ կը տեղադրէ նաեւ Instagram-եան իր էջին մէջ։

«Արժէ նշել, որ իմ ստեղծած ապրանքանիշին շնորհիւ յայտնուած եմ շատ հետաքրքրական աշխարհի մէջ, որուն մասին տակաւին շատ քիչերը գիտեն։ Մեծ երազանքս է, որ այս խնամքի լաւ միջոցներուն մասին իմանան ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի, ու գիտնան, որ մենք կ՝ապրինք շատ դրական աշխարհի մը մէջ, ուր կ՝աճին շատ հետաքրքրական բոյսեր, որոնք կրնան մեր ապրելակերպը փոխել, մեր տրամադրութիւնը բարձրացնել, առողջացնել մեզ։ Ունինք այնպիսի ուժ պարունակող բոյսեր, որոնք մեզ կրնան լաւ օր տրամադրել»,- կ՝ըսէ ան։

Իւղերու կողքին Աննան կը մտածէ ստեղծել նաեւ դէմքի համար նախատեսուած դիմակներ-քսուկներ, որոնք պիտի ըլլան չոր վիճակով ու գաղջ ջուրի հետ խառնելով՝ օգտագործողը պիտի կարենայ դնել դէմքին ու ստանալ հիանալի արդիւնք։

Թէեւ «Էթիւնէ՝ս»ը մասնաւոր խանութներու մէջ չի վաճառուիր տակաւին, բայց Աննան ոգեւորուած է՝ տեսնելով Հայաստանի մէջ ցուցահանդէս-վաճառքներու մասնակցած իր ապրանքանիշին հանդէպ ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը։ «Մասնաւորապէս մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած են Արցախեան գորգերու պատկերով իմ պատրաստած չորս տեսակի գորգ օճառները, որոնք կը կոչուին՝ Արեւագորգ, Մոխանք արեւագորգ, Ջրաբերդ եւ Արցախ»,- կը նշէ Աննան ու կը բացատրէ անոնց պատրաստման եղանակը,- «Ասոնք եռաշերտ կառուցուող օճառներ են, որոնց երկու շերտի միջեւ կը տեղադրուի օճառային նիւթով պատրաստուած գորգի պատկերը եւ որ օգտագործուելով այնպիսի տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ գորգը կամաց կամաց կը մաշի։ Այս օճառները պատրաստելէ մէկ օր ետք կը կտրտեմ ու մօտ մէկուկէս ամիս կ՝ենթարկեմ հնեցման, որպէսզի անկէ ետք կարելի ըլլայ օգտագործել»։

Ըստ Աննայի՝ մեր լեռներու, բոյսերու եւ հազարամեայ մշակոյթի մէջ կայ ուժ մը, որ կը միաւորէ մարդոց։ «Կ՝ըսեն, թէ իւրաքանչիւր ազգ ունի իր առանձնայատուկ ուժը։ Ես կը հաւատամ, որ Հայաստանի ուժը սէրն է․ սէրը դէպի հողը, բնութիւնը, ընտանիքը եւ արարումը։ Սիրոյ ծնունդը Հայաստանն է»,- կ՝ըսէ Աննան։


Զրոյցը՝ յատուկ ԵՌԱԳՈՅՆ-ի համար
ՅԳ․ Նշենք, որ Աննայի ստեղծած ապրանքատեսակները կարելի է ձեռք բերել այստեղ։
