Աղէտի Գօտիի Բնակարանային Խնդիրներու Լուծման Նպատակով Կառավարութիւնը 3 Միլիառ Դրամ Պիտի Յատկացնէ

Հայաստան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, այսօր տեղի ունեցած է  խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուած են 1988 թուականի երկրաշարժի հետեւանքներու վերացման ուղղութեամբ կառավարութեան ընելիքները:

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Նիկոլ Փաշինեան յիշեցուցած է, որ նախորդ տարուան Դեկտեմբեր 7-ին Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած կառավարութեան արտագնայ նիստին ընթացքին որոշուած էր ստեղծել աշխատանքային խումբ, որուն հիմնական գործառոյթը պէտք է ըլլար յստակեցնել երկրաշարժի գօտիին վրայ առկայ խնդիրներն ու ծաւալները:

«Գիտենք, որ, ցաւօք, այսօր դեռ բազմաթիւ մարդիկ կ՝ապրին տնակներու մէջ, եւ մենք խնդիր դրած ենք յստակ արձանագրելու, թէ ինչպէ՞ս կը պատկերացնենք այդ խնդիրին լուծումը եւ ճշտել հարցին գինը, այսինքն, թէ ի՞նչ ծաւալի գումար անհրաժեշտ է անոր համար: Կայ նաեւ երկրորդ խնդիրը՝ վերացնել ոչ միայն աղէտի գօտին զուտ տնակ կամ բնակարան տրամաբանութեան մէջ, այլ հարցը դիտարկել քաղաքաշինական զարգացման հեռանկարի եւ տրամաբանութեան մէջ: Եթէ ուղղակի մենք ընթացքը դիտարկենք միայն տրամաբանութեան մէջ՝ մարդիկ տնակներու մէջ կ՝ապրին, թէ՝ ոչ, շատ հնարաւոր է, որ մենք այդ մօտեցման իբրեւ արդիւնք ունենանք իրավիճակ, որ մարդիկ տնակներու մէջ չեն ապրիր, այլ կ՝ապրին բնակարաններու մէջ կամ տուներու, բայց ատկէ Գիւմրին, Վանաձորը կամ աղէտեալ միւս բնակավայրերը չեն դադրիր աղէտի գօտի ըլլալէ, որովհետեւ ատով սահմանափակուած է անոնց քաղաքաշինական զարգացման հնարաւորութիւնը:

Վարչապետը տեղեկացուցած է, որ կառավարութիւնը միջնաժամկէտ ծախսային ծրագիրով կը նախատեսէ 3 միլիառ դրամ յատկացնել լուծելու այն քաղաքացիներուն բնակարանային խնդիրները, որոնց նկատմամբ պետութեան պարտաւորութիւնը յստակ, տէ իւրէ արձանագրուած է: «Խնդիրը 3 միլիառ դրամի ծախս կը պահանջէ եւ մենք միջոցները կը յատկացնենք, որպէսզի այդ թեման փակենք մէկընդմիշտ»,- ընդգծած է ՀՀ վարչապետը: