Պիտի Շարունակենք Մնալ Մեր Սրբազան Ուխտին Հաւատարիմ, Պիտի Չենթարկուինք Ճնշումներուն. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս

Հայաստան

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այսօր պատասխանած է քանի մը լրատուամիջոցներու խմբագիրներու հարցերուն։

Անդրադառնալով իշխանութիւններու նախաձեռնած հակաեկեղեցական արշաւին՝ Վեհափառ Հայրապետը նշած է, որ ամէն ջանք կը գործադրեն, որ իշխանութեան կամքին ենթարկուի եկեղեցին, որ իրեն հեռացնեն կաթողիկոսական գահէն, եւ հակառակ այս ճնշումներուն՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դիրքորոշումը անփոփոխ կը մնայ.   

«Մենք շարունակելու ենք մնալ մեր սրբազան ուխտին հաւատարիմ, հաւատարիմ մեր ազգին ու ծառայութեանը, հաւատարիմ մեր եկեղեցու ինքնավարութեան պաշտպանութեանը։

Եկեղեցին ունի իր կանոնական սկզբունքները, Հայոց Հայրապետին հեռացնելը իշխանութեան տնօրինման հարցը չէ։

Եթէ հարցեր կան ընդդէմ Հայոց Հայրապետի կամ որեւէ եկեղեցականի՝ այդ հարցերը քննարկւում են համապատասխան ատեաններում եւ կայացւում են համապատասխան որոշումներ։

Այդ սկզբունքները մենք ամենայն ջանադրութեամբ պաշտպանելու ենք եւ չենք ենթարկուելու ճնշումների, որեւէ բռնութեան»,- ըսած է Գարեգին Բ Կաթողիկոսը։