Լոնտոնի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Ամէնամեայ Հայկական Ամառնային Փառատօնը

Սփիւռք

Լոնտոնի Իլինգ թաղամասին մէջ Յուլիս 14-ին 8-րդ անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ ամէնամեայ Հայկական ամառնային փառատօնը (Armenian Summer Festival), որ կը կազմակերպուի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իռլանտիայի Միացեալ Թագաւորութեան թեմի հովանաւորութեամբ:

Փառատօնը սկիզբ առաւ մէկ վայրկեան լռութեամբ` ի յիշատակ Միացեալ Թագաւորութեան մէջ ՀՀ նախկին դեսպան Արման Կիրակոսեանի:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ վարչութիւնը, բացման արարողութեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իռլանտիայի Միացեալ Թագաւորութեան թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեան, ՀՀ դեսպանութեան ներկայացուցիչ Արամ Արարատեան, ՄԹ խորհրդարանի Համայնքներու պալատի անդամներ Սթիւըն Փաունտ եւ Ռուպա Հաք, Իլինգի քաղաքապետ Ապտուլայ Կուլեյտ:

Փառատօնի հարիւրաւոր մասնակիցները եւ հիւրերը հնարաւորութիւն ունեցան վայելելու հայկական արուեստը` երաժշտութիւնը եւ պարերը, համտեսելու հայկական ճաշատեսակներ: Առանձին տաղաւարներով ներկայացուեցան շարք մը բրիտանահայ համայնքային կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ հայկական ապրանքանիշներ` այցելուներուն ներկայացնելով իրենց գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը, աւանդոյթները եւ պատմութիւնը: