Քաղաքականութիւն եւ Ղեկավարում

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ․ Պալեան

Սխալիլ մարդկային է,

յամառիլ իր սխալին մէջ սատանայական է:

Սուրբ Օգոստինոս, Saint Augustin (354-430)

 

Ընկերային-հասարակական կեանքի առաջնորդութեան պարագային,- կ’ըսենք ղեկավարում,- ան ըլլայ ընտանեկան, թաղային, միութենական, կուսակցական-քաղաքական, ձախողիլ կամ յաջողիլ բնական են: Ձախողիլ կ’ենթադրէ, որ տեղ մը սխալ եղած է, սխալած ենք, ինչ որ բնական է, սուրբ Օգոստինոս կ’ըսէ «մարդկային», քանի որ մարդը անկատար է: Սխալը եւ ձախողութիւնը փորձութիւններեն, փորձառութիւններ, որոնք մտածելու պէտք է մղեն:

    Այդ մտածելու արարքը պէտք է թելադրէ այն միտքը, որ նոյն սխալը պէտք չէ գործել, ինքզինք հարցականի ենթարկել, ինքնաքննադատութիւն ընել: Բանականութիւնը ճանաչման եւ դատողութեան կ’առաջնորդէ: Եթէ յանձնապաստանութեամբ յամառինք եւ կրկնենք ինչ որ սխալի առաջնորդած էր, կը նշանակէ, որ ողջախոհութիւնը չ’առաջնորդեր մեզ, այլ չար ուժ մը, առաքինութեան բացակայութիւն, որուն համար սուրբ Օգոստինոս կը գործածէ «սատանայական» բառը: Փորձենք, մեր կարգին, նոյն սխալը գործելու եւ ձախողութեան, մասնաւորաբար ընկարային-հասարակական կեանքի մէջ այդ յամառութեան հետեւանքներուն մասին մտածել:

    Ի հարկէ, մարդ արարածի պարագային եղած է, կայ եւ պիտի ըլլլայ ԵՍը, իր ծիածանային տարբերակներով, արդարացումներով, բացառիկութիւններով, կուրացումներով, չարութեամբ եւ չարիքներով: Հեռու ինձմէ տիրացուական բարոյախօսութիւն կամ կրօնական վերլուծումներ ընելու տրամադրութիւնը: Դժուար ճակատագիր ունեցած եւ ներկայիս ալ անցանկալի կացութիւններու մէջ գտնուող մեր ժողովուրդի մասին երբ կը մտածենք, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), պահ մը եթէ կանգ առնենք, եւ փորձենք մտածել, Ս. Օգոստինոսի դարեր անցած իմաստութիւնը ճամբացոյց կրնայ ըլլալ:

         Ի վերջոյ, ի՞նչ կ’ըսէ Ս. Օգոստինոս:

    Սխալիլ սովորական երեւոյթ է, անհատական եւ հաւաքական կեանքի մէջ, ընտանիքի մէջ թէ պետական բարձր մակարդակի վրայ: Բանական էակը, նոյնիսկ երբ բարձրաձայն չի խոստովանիր իր սխալը, ինք կ’անդրադառնայ իր սխալին, գիտէ ի՛ր սխալը: Անհատական մակարդակի վրայ երբեմն, երբեմն միայն, ներողութիւն կը խնդրենք մեր գործած սխալին համար, բայց հազուադէպօրէն մեր սխալը կ’ընդունինք հաւաքական կեանքի մէջ: Անհատական թէ հաւաքական կեանքի մէջ, երբ կը յամառինք մեր սխալին մէջ, կը դիմենք պատճառաբանութիւններու, որոնց մենք չենք հաւատար, բայց կը փորձենք հաւատացնել ուրիշները, այսինքն՝ սխալի կ’առաջնորդենք ուրիշները, զանոնք մեղսակից կը դարձնենք: Այս պատճառով ալ, սխալին մէջ յամառիլ, Ս. Օգոստինոսի համար կը դառնայսատանայական վերաբերում:

       Ինչո՞ւ կը սխալինք: Կրնա՞նք սահմանափակել մեր սխալները:

  Քանի որ կ’անդրադառնանք մեր սխալներուն, նոյնիսկ երբ զանոնք չենք խոստովանիր, կը նշանակէ, որ կրնանք կանխել կամ սահմանափակել մեր սխալները, ընկերային առաջին բջիջէն մինչեւ ազգային, պետական եւ միջազգային մակարդակներ: Այս մասին կը խօսի Ս. Օգոստինոս, Փրուտոնէն (1809-1865) եւ Մարքսէն (1818-1863) շատ առաջ, երբ կ’ըսէ, թէ «հարստութիւններու սէրը արմատն է բոլոր չարիքներուն»: Այս պարագային հարստութիւնը պէտք է հասկնալ ԵՍը բաւարարող նիւթական եւ փառասիրական առումով, թէեւ սովորաբար եզրը կը գործածուի բարոյական գեղեցիկի ըմբռնումով ալ:

    Դրամ-հարստութեան պատճառով տեղի կ’ունենան մարդու եւ անոր աշխատանքին շահագործումը, մեծ ընկերութիւններու եւ երկիրներու կողմէ՝ ժողովուրդներու եւ անոնց բնական հարստութիւններու կողոպուտը, պատերազմները, նոյն երկրին մէջ հաստատուած բացորոշ կամ ծածուկ կողոպուտը, զոր կը կոչենք փտածութիւն, կոռուպցիա, (corruption), որոնք ԵՍ բաւարարելու համար կը դժբախտացնեն ուրիշները: ԵՍին հպատակելով կը սխալինք եւ կ’անիրաւենք: ԵՍին հպատակելով կը ձգտինք փառքի, քաղաքական, գիտական, արուեստի, մանաւանդ երբ այդ բոլորին համար չունինք ոչ անհրաժեշտ շնորհքը, ոչ ալ անհրաժեշտ պատրաստութիւնը:

   Այս մտորումներու լոյսին տակ հարկ է դիտել եւ քննել հայկական իրականութիւնը, միշտ՝ Հայաստան եւ սփիւռք(ներ): Առարկայականութեամբ եւ առանց աչքի կապանքներու: Վերանկախացումէն երեսուն տարի ետք, հակառակ միջազգային օժանդակութիւններու եւ վարկերու, հակառակ հայկական սփիւռք(ներ)ի զանազան բնոյթի օժանդակութիւններուն, հակառակ ազգական-բարեկամի անհատական-ուղղակի դրամական առաքումներուն, տնտեսութիւնը չի վերականգնիր, անհաւասարութիւնները ակնբախ են, տեւաբար կը խօսուի փտածութեան (կոռուպցիա) մասին, քաղաքական կեանքը խարխափումի մէջ է: Միակ մխիթարականը բանակն է, թէեւ հոն ալ խաղքութիւններ եղած են: Փառատօները եւ ինքնասիրութիւնները շոյող այցելութիւնները, Հայաստան եկողներու եւ հայաստանեան պատուիրակութիւններու, ցոյց չեն տար փապուղիի ելքը:

  Նոյնն է պարագան սփիւռք(ներ)ի, ուր բազմապատիկ եւ բազմապատկուող «կազմակերպութիւններ»ը կը թաքցնեն արագ ընթացող մաշումներու պատկերը, քաջութիւն չունինք բարձրաձայն ըսելու, որ սփիւռք(ներ)ի տեսական եօթը կամ տասը միլիոնը (ո՞վ կրնայ գրեթէ ճշգրիտ թիւ տալ) իրապէս ի՞նչ կը ներկայացնէ, «ծագումով հայեր»ը ի՞նչ են ազգին յարաբերաբար, մինչեւ ե՞րբ «ծագում»ը բան մը պիտի նշանակէ սփիւռքացած հայուն համար: Իրողութիւն է, որ ամէն կարգի առաջնորդութեան-ղեկավարման փորձերը, սահմանափակուելով երեւելիական եւ պաշտօններու ստանձնումով, առանց այդ աշխատանքներուն համար պատրաստուած ըլլալու, շարունակելով եւ կրկնելով «հայապահպանման» կարգախօսները, առանց անոնց իրականացման համար գիտական կազմակերպուածութեամբ գործելու, պարզապէս տնտեսավարուեցաւ տեղատուութիւնը: Եւ խոշորացոյցով դիտեցինք մանր յաջողութիւնները, առանց տեսնելու կորուստները: Կորուստները չտեսնել սխալ էր, այդպէս շարունակել՝ աղէտ, Ս. Օգոստինոս կ’ըսէ՝ սատանայական:

 Ժամանակն է, եթէ ուշ չէ, ղեկավարութիւններու բոլոր մակարդակներուն եւ ասպարէզներուն մէջ, անկախ պատկանելիութիւններէ եւ նախասիրութիւններէ, ճիշդ ընտրութիւն կատարել, գտնել ճիշդ մարդը ճիշդ գործին համար: Այս ընել՝ դուրս գալու համար էսթէպլիշմընթային եւ սիրողական (ամաթէօր) ճահիճէն, մէկդի դնելով մեր ամէն կարգի նախասիրութիւնները, կողմնապաշտութիւնները եւ կիրքերը. քաղաքական, դիւանագիտական, կրթական, կրօնական, մշակութային, յարաբերական, լրագրական, տնտեսական (էկոնոմիկ), ազգային-ընկերային կեանքը հետաքրքրող բոլոր մարզերուն, պաշտօններուն եւ պատասխանատուութիւններուն համար:

    Ինչո՞ւ երբեմն չմտածել, դէմ երթալով մեր համակրութիւններուն, որ այս կամ այն գործը, տուեալ անձի մը կարողութիւններէն վեր է, ծանր է անոր ուսերուն համար: Ասկէ առաջ ըսած եւ գրած եմ, որ հանրային գործերը կը պահանջեն համապատասխան պատրաստութիւն: Ինչպէ՞ս կարելի է հայկական հաղորդակցական-տեղեկատուական կառոյցի մը պատասխանատուութիւնը յանձնել անձի մը, որ «հաց-պանիրի հայերէն» մը գիտէ, (յիշել Շաւարշ Միսաքեանը), պատմութենէն իմացած է կրկնուած տարազներ, նախարարական պաշտօն վստահիլ թուղթերէն իր քիթը դուրս չհանած վարժապետի մը, հայերէնի չտիրապետող անձի յանձնել կրթական պատասխանատուի պաշտօն: Շարքը կարելի է երկարել:

       Իր պաշտօնին համար անատակ անձը սխալ պիտի գործէ, ինչ-ինչ հաշիւներով այդ սխալը թաքցնողը եւ անտեսողը մեղսակից է սխալին, եւ երբ ան կը յամառի իր սխալին մէջ, իր ընթացքը կ’ըլլայ սատանայական, եւ հաւաքականութիւնն է, որ ուշ կամ կանուխ, կը վճարէ ծանր հարկ:

        Վերջերս, էջի մը վրայ կարդացի հետեւեալը. «Ղեկավարներ չունինք, քանի որ չունինք տեսիլք»*: Իսկ տեսիլքը,- մենք յաճախ կը գործածենք տեսլական բառը,- ինքնութեան, իրաւունքի եւ պատմութեան շարունակութեան ըմբռնում եւ յանձնառութիւն է:

   Աթոռէ, իշխանութենէ եւ ԵՍէ անդին, պիտի ապրի՞նք մեր պատմութեան պահանջած գիտակցութեան պահը, կարգախօսներէն, ամբոխահաճոյութենէն, ամբոխայնացումէն, եւ ինչո՞ւ գձուձ հաշիւներէ անդին չտեսնել ազգի եւ հայրենիքի ապագան, ըստ այնմ յանձնառու ըլլալ, Երեւան եւ Գիւմրի, Ղափան եւ Ստեփանակերտ, Պէյրութ, Փարիզ, Նիւ Եորք, Լոս Անճելըս, Պուէնոս Այրէս…

        Իրաւ յանձնառութիւն՝ ազգի հարազատ ինքնութեան, եւ հայրենատիրութիւն՝ որ չըլլայ հանդիսատեսի եւ տուրիստի վերաբերում:

        Տեսիլք, vision: Ոչ աթոռակ եւ ոչ բիզնես:

        Եւ տեսնել ամբողջը, յառաջացնել ամբողջի մասնակցութիւնը:

      Ազգակերտումի եւ հայրենակերտումի ներկայ հանգրուանին ԵՍը չարիք է, պէտք է ունենալ ոչ թէ յաւելեալ իրաւունքի կիրք, այլ՝ յաւելեալ պարտականութեան նախանձախնդրութիւն:

        Միշտ կրկնելով՝ Հայաստան եւ սփիւռք(ներ):

      Եւ կ’եզրակացնեմ, կրկին կոչ ընելով Ս. Օգոստինոսի. «Երբեք պիտի չխպնիմ, եթէ կորսուիմ, բերուիմ ճիշդ ճամբու վրայ»**:

  Մեր ժողովուրդի ներկան եւ ապագան կախում ունին իմաստութենէ, եւ իմաստունհակա-եսական ղեկավարներէ: