Եւրոպական Խորհրդարանը Հայաստանի Ժողովրդավարական Դիմակայունութեան Աջակցելու Բանաձեւ Որդեգրեց՝ Անդրադառնալով Նաեւ Հայ Գերիներուն

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԸ ՈՂՋՈՒՆԵՑ ԲԱՆԱՁԵՒԸ

Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստին քուէարկուեցաւ Հայաստանի վերաբերող բանաձեւ մը, որով կը դատապարտուի Ատրպէյճանը՝ հայ ռազմագերիներու ապօրինի պահման համար եւ կը պահանջուի անոնց անյապաղ ազատ արձակումը: Բանաձեւը կը զօրակցի նաեւ արցախահայութեան իրաւունքներու վերականգման: Կը վերահաստատուի Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը Հայաստանի ժողովրդավարական զարգացման, խաղաղութեան գործընթացին եւ եւրոպական համարկման ուղղութեամբ իրականացուող բարեփոխումներուն:

Պրիւքսէլի մէջ «Արմէնփրէս»ի թղթակիցը կը յայտնէ, որ բանաձեւին թեր քուէարկած է 476, դէմ՝ 47, ձեռնպահ՝ 48 պատգամաւոր:

Բանաձեւը կ՛աջակցի 2026 Յունիսին Հայաստանի մէջ ազատ, արդար եւ խաղաղ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացումին՝ շեշտելով, որ ընտրութիւններուն արդիւնքները պէտք է որոշէ միայն հայ ժողովուրդը: Փաստաթուղթին մէջ կարեւոր կը նկատուի ընտրական վարչարարութեան անկախութիւնը, հաւասար քարոզչական պայմանները, լրատուամիջոցներու բազմակարծութիւնը եւ հիմնարար ազատութիւններու լիարժէք պաշտպանութիւնը: Միաժամանակ կը նշուի ապատեղեկատուութեան, անօրինական ֆինանսաւորման եւ ընտրակաշառքի դէմ պայքարի անհրաժեշտութեան մասին:

Բանաձեւը նաեւ կ՛ողջունէ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններու զարգացումը եւ Հայաստանի հաւատարմութիւնը ժողովրդավարութեան, իրաւունքի գերակայութեան եւ բարեփոխումներուն: Հոն դրական կը գնահատուի Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան նոր ռազմավարական օրակարգը, Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի (CEPA) իրականացման ուղղութեամբ արձանագրուած յառաջընթացը, վիզաներու ազատականացման շուրջ երկխօսութիւնը եւ «Դիմակայունութեան ու աճի» ծրագրի գործադրումը:

Բանաձեւին մէջ առանձնայատուկ կարեւորութեամբ կը նշուի նաեւ  Մայիսին Երեւանի մէջ նախատեսուող Եւրոպական քաղաքական համայնքի եւ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան վեհաժողովներու կայացումը՝ իբրեւ կարեւոր քաղաքական ազդանշան Հայաստանի հետ համերաշխութեան առումով:

Անդրադառնալով տարածաշրջանային ապահովութեան՝ բանաձեւը կը զօրակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին եւ կոչ կ՛ուղղէ՝ հասնելու համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիրի մը՝ հիմնուած ինքնիշխանութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան վրայ:

Եւրոպական խորհրդարանը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ աւելցնելու Եւրոպական Միութեան ֆինանսական եւ արհեստագիտական աջակցութիւնը Հայաստանին՝ յատկապէս ուժանիւթի, թուային եւ տնտեսական դիմակայունութեան ոլորտներուն մէջ: Բանաձեւը կ՛ողջունէ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան միջեւ գործակցութեան ընդլայնումը:

Բացի ատկէ, փաստաթուղթը կը զօրակցի Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ սահմաններու բացման եւ տարածաշրջանային կայունութեան նպատակով:

Բանաձեւը խստօրէն կը դատապարտէ արտաքին տեղեկատուական նենգափոխումները եւ միջամտութիւններու փորձերը՝ այդ առումով ընդգծելով յատկապէս Ռուսիոյ եւ անոր ազդեցութեան ցանցերու գործունէութիւնը՝ ներառեալ սայպըր յարձակումները եւ ապատեղեկատուութիւնը:

Այսպիսով, Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ քուէարկուած բանաձեւը կը շեշտէ Հայաստանի ժողովրդավարական եւ ինքնիշխան ընտրութեան, եւրոպական ուղղութեան, տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ արտաքին միջամտութիւններուն դիմակայելու անհրաժեշտութիւնը:

 Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը ողջունեց Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւը, որով կը պահանջուի, որ Հայաստանի իշխանութիւնները երաշխաւորեն ընդդիմութեան իրաւունքներու լիարժէք յարգումը, դատական անկախութիւնը եւ խօսքի ազատութիւնը, ինչպէս նաեւ կը պահանջեն արդարութիւն արցախահայութեան եւ հայ գերիներու համար:

Այս առիթով Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակին հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը նշուի.

«Այս նշանակալի փաստաթուղթը ամրապնդում է Եւրոպական միութեան յանձնառութիւնը Հայաստանի ինքնիշխան ընտրութեանը` եւրոպական ինտէգրման ուղղութեամբ, եւ սահմանում է յստակ ակնկալիքներ դատական համակարգի բարեփոխումների եւ ժողովրդավարական ինստիտուտների ամրապնդման վերաբերեալ:

«Բանաձեւը անդրադառնում է Եւրոպական Միութիւն–Հայաստան յարաբերութիւնների նոր փուլին, որը բնութագրւում է անվտանգային համագործակցութեան ընդլայնմամբ եւ ժողովրդավարութեան ու իրաւունքի գերակայութեան նկատմամբ ընդհանուր յանձնառութեամբ: Այն ծառայում է որպէս համապարփակ ճանապարհային քարտէս Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան գործընկերութեան համար` ընդգրկելով նոր ռազմավարական օրակարգի իրականացումը, դիմակայունթեան եւ աճի ծրագիրը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի պաշտօնական ձգտումը դէպի Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւն:

«Քանի որ Հայաստանը պատրաստւում է 2026թ. Յունիսի 7ի ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող խորհրդարանական ընտրութիւններին, Եւրոպական խորհրդարանը յստակ ազդակ է փոխանցում, որ այդ ընտրութիւնները պէտք է լինեն ազատ, արդար եւ մրցակցային: Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը յատկապէս ընդգծում է խորհրդարանի դիրքորոշումը «ընդդիմութեան իրաւունքների լիարժէք յարգման» եւ բոլոր քաղաքական դերակատարների համար հաւասար պայմանների անհրաժեշտութեան վերաբերեալ: Մենք արձագանգում ենք նաեւ արտաքին միջամտութեան եւ հիբրիդային սպառնալիքների դէմ ամուր պաշտպանական մեխանիզմների (գործիքակազմերու) կոչին, մասնաւորապէս այն սպառնալիքներին, որոնք ուղղուած են Հայաստանի ժողովրդավարական ինստիտուտների (կառոյցներու) ապակայունացմանը:

«Բանաձեւը անդրադառնում է արդարութեան եւ անվտանգութեան այն առանցքային դրոյթներին, որոնք էական են տարածաշրջանում կայուն խաղաղութեան համար․

«• Արդարութիւն եւ պատասխանատուութիւն հայ գերիների հարցում․ Եւրոպական Խորհրդարանը դատապարտում է Ատրպէյճանի կողմից հայ ռազմագերիների եւ պատանդների անօրինական կալանաւորումը` պահանջելով նրանց անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը: Այն ընդգծում է, որ ցանկացած կայուն խաղաղութիւն պէտք է հիմնուած լինի Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքի վրայ:

«• Արցախահայութեան իրաւունքներ․ Եւրոպական խորհրդարանը վերահաստատում է իր հաստատուն աջակցութիւնը արցախահայութեան իրաւունքներին, ներառեալ նրանց ինքնութեան եւ սեփականութեան պաշտպանութեան հարցերը: Խորհրդարանը յստակ կոչ է անում ապահովել նրանց անվտանգ, անխոչընդոտ եւ արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքը` միջազգային երաշխիքների ներքոյ: Պահանջում է պատասխանատուութիւն հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան ոչնչացման համար եւ կոչ է անում իրականացնել միջազգային գնահատման առաքելութիւն:

«Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանը ողջունել է առաջիկայ ընտրութիւնների ընտրական ամբողջականութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը` նկատելով․ «Ես ողջունում եմ Եւրոպական խորհրդարանի դիրքորոշումը` վերահաստատելու իր յանձնառութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի իրաւունքների պաշտպանութեան հարցում, ներառեալ նրանց վերադարձի իրաւունքը` միջազգային անվտանգութեան երաշխիքների ներքոյ: Ստեփանակերտում Ատրպէյճանի կողմից վերջերս երկու հայկական եկեղեցիների ոչնչացման ողբերգական լուրերի լոյսի ներքոյ, հրամայական է, որ Եւրոպական յանձնաժողովը գործի ըստ այն մանդատի, որը Եւրոպական խորհրդարանը հետեւողականօրէն տրամադրում է` Ատրպէյճանին պատասխանատուութեան ենթարկելու իր յանցագործութիւնների համար` հիմնուելով արդարութեան եւ ժողովրդավարական արժէքների վրայ, որոնց վրայ հիմնուած է այս բանաձեւը»: