Աթէնքի Մէջ Իր Աշխատանքներուն Սկսաւ Համազգայինի Եւրոպայի Ուսանողական Հաւաքը (Եութլինքս)
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած Եւրոպայի ուսանողական 6-րդ հաւաքը (Եութլինքս) ընթացք առաւ Հինգշաբթի, 30 Ապրիլին` իր շուրջ համախմբելով 28 երիտասարդներ աշխարհի զանազան երկիրներէ (Քանատա, Վրաստան, Լիբանան, Հայաստան, Արցախ, Ռուսիա, Սպանիա, Իտալիա, Աւստրիա, Կիպրոս եւ Յունաստան):
Մասնակիցները քառօրեայ աշխատանոցներու եւ պտոյտներու ընդմէջէն ծանօթացան իրարու, լսեցին հայ մշակոյթի զանազան բնագաւառներու մասին դասախօսութիւններ եւ մասնակցեցան աշխատանոցներու, ինչպէս նաեւ այցելեցին Աթէնքի հայ գաղութի զանազան կեդրոններ եւ տեսարժան վայրեր:
Հաւաքին ներկայ եղաւ նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան Եւրոպայի ներկայացուցիչ Յասմիկ Շահինեան, իսկ կազմակերպչական աշխատանքներուն օժանդակեց Համազգայինի Յունաստանի Շրջանային վարչութիւնը:
Առաջին օրը հաւաքի պատասխանատու Արա Բարսեղեան բարի գալուստ մաղթեց ուսանողներուն եւ բացատրութիւններ տուաւ քառօրեայ ծրագիրին եւ հաւաքին մասին:
Ապա խօսք առաւ հաւաքի յանձնախումբի անդամ Արին Գալուստեան եւ հակիրճ ակնարկով ներկայացուց Համազգայինի ծնունդը, անդրադարձաւ միութեան տարբեր ծրագիրներուն, յատկապէս` երիտասարդական, պատանեկան եւ մանկական:
Խումբը այցելեց Աթէնքի Աքրոփոլիս տեսարժան վայրը, ապա շրջագայեցաւ Աթէնքի մէջ: Առաջին աշխատանոցը հայկական պարն էր, որ տեղի ունեցաւ «Զաւարեան» ակումբին մէջ` ղեկավարութեամբ պարուսոյց Անահիտ Սարիբէկեանի: Հետաքրքրական եւ հայկական մշակութային մթնոլորտի մէջ մասնակիցները ոչ միայն ծանօթացան հայկական պարին, այլ գործնապէս սորվեցան հայկական պարեր:
Հաւաքի երկրորդ օրը երկար պտոյտի օր էր դէպի Յունաստանի տեսարժան վայրեր:
Հաւաքի մասնակիցներն ու պատասխանատուները առաջին հերթին ուղղուեցան Փելոփոնես, որ մեծ թերակղզի մըն է Յունաստանի հարաւային շրջանին մէջ: Անիկա գրեթէ «կղզի» կը թուի, բայց ցամաքով կապուած է հիմնական Յունաստանին` նեղ տարածքի վրայ, ուր կը գտնուի Կորինթոսի ջրանցքը: Ճամբուն վրայ մասնակիցներուն առաջին կանգառը եղաւ Կորինթոսի այդ հրաշագեղ կամուրջը, որուն շինութեան մէջ մեծ դեր ունեցած են հայերը` յոյներու կողքին: Ապա անոնք ուղղուեցան Էփիլապրոսի թատրոնը եւ Նաւփլիոն բերդաքաղաքը, որ Յունաստանի առաջին մայրաքաղաքը կը հանդիսանայ: Նոյն վայրի մէջ մանրամասն բացատրութիւններ տրուեցան մասնագէտ ուսուցիչի մը կողմէ, սակայն կարելի չեղաւ աւելի մօտէն տեսնել մայիս 1-ի առիթով փակ ըլլալուն պատճառով: Ապա ուսանողները ճաշեցին Լիղուրիօ գիւղին մէջ:
Նաւփլիոն քաղաքին մէջ տեղատարափ անձրեւը մասամբ արգելք հանդիսացաւ ծրագրուած շրջապտոյտին, սակայն թրջուելու գնով արագ պտոյտ մը կատարուեցաւ քաղաքին մէջ, եւ մասնակիցները վերադարձան Աթէնք: Ապա ընթրիքի ընթացքին յայտագիրը շարունակուեցաւ ջերմ եւ խանդավառ ընկերային մթնոլորտի մէջ:
Հաւաքի 3-րդ օրը Եւրոպայի ուսանողական 6-րդ հաւաքի մասնակիցները այցելեցին Յունաստանի Ազգային առաջնորդարան, ուր Քերոբ Էքիզեան դիմաւորելով խումբը` ներկայացուց «Ազատ Օր» թերթի պատմութիւնը, անոր անցած ուղին եւ կարեւոր դերակատարութիւնը գաղութի կեանքէն ներս: Նշեց, որ տարիներ շարունակ գաղութի մտաւորական ուժի պատրաստութեան մէջ նաեւ մեծ դեր ունեցած է թերթը, որ մինչեւ այսօր կը շարունակէ հրատարակուիլ:
Ան հրաւիրեց մասնակիցները, որպէսզի իւրաքանչիւրը ազատ զգայ իր մասնագիտական յօդուածները ուղարկելու թերթին` հրատարակելու նպատակով:
Ապա խումբը այցելեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ուր խորհրդաւոր կերպով միասնաբար երգեցին «Տէ՛ր, ողորմեա»-ն: Աթէնքի հոգեւոր հովիւ Եզրաս վրդ. Թէնէքէճեան բացատրութիւններ տուաւ եկեղեցւոյ պատմութեան մասին: Յունաստանի հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Սահակ ծ. վրդ. Եմիշեան ողջունեց ուսանողները, իր հայրական յորդորները տուաւ եւ յաջողութիւն մաղթեց խումբի աշխատանքներուն:
ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հռիփսիմէ Յարութիւնեան ներկայացուց յունահայ գաղութի պատմականը` յայտնելով, որ Ցեղասպանութենէն առաջ գոյութիւն ունեցած է ան, սակայն 1915-էն ետք ուռճացած է, եւ թիւը` աւելցած:
Այդ հանդիպումը առիթ եղաւ, որ երիտասարդները արտայայտեն իրենց գաղափարները հայապահպանման եւ հայեցի դաստիարակութեան անհրաժեշտութեան եւ Հայ դատի աշխատանքներուն մասին:
Յաջորդ պտոյտին ուղղութիւնը դէպի Սունիոն բերդն էր` Պոսէյտոնի տաճարը, ուր հիանալի տեսարաններով նկարուելէ ետք վերադարձան գեղեցիկ յուշերով:
Իսկ երեկոյեան ժամերուն յունական պարային ճոխ մթնոլորտով աւարտեցին երեկոն:
Հաւաքի 4-րդ օրը եզրափակուեցաւ Եւրոպայի ուսանողական 6-րդ հաւաքը: Առաւօտուն Աթէնք քաղաքին մէջ պտոյտ կատարելէ եւ գնումներ ընելէ ետք, «Արամ Մանուկեան» կեդրոնի մէջ մասնակիցները ունկնդրեցին յունահայ երաժիշտ Ստեփան Թեքիրեանի շատ հետաքրքրական տեղեկութիւններով հարուստ դասախօսութիւնը` հայկական երաժշտութեան մասին:
Երեկոյեան խումբը ներկայ գտնուեցաւ Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբի փորձին, միացեալ պարերով եւ ընկերային ջերմ մթնոլորտով տեղի ունեցաւ ընթրիքը եւ խրախճանքը:
Եւ այսպիսով իր աւարտին հասաւ հաւաքը: Մասնակիցները հրաժեշտ տուին իրարու` դարձեալ հանդիպելու յոյսով:
#YouthLinks #YouthLinksEurope #Armenian #CulturalTrip #Europe #EuroTrip #Hamazkayin #ArmenianCulture #YouthProgram












