Այս Դատը Ամբողջ Հայ Ժողովուրդին Դէմ է. Դաւիթ Իշխանեան
պաքուի զինուորական դատարանին կողմէ ցմահ ազատազրկման դատապարտուած Արցախի Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը ազրպէյճանական բանտէն դիմած է Հայաստանի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանին (ՄԻՊ)՝ կոչ ընելով զբաղիլ այնտեղ պահուող հայ գերիներուն խնդիրներով։
Իշխանեան իր բանաւոր դիմումին մէջ խնդրած է, որպէսզի Հայաստանի ՄԻՊ-ը միջնորդէ եւ ազրպէյճանական համապատասխան կառոյցներէն, անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ գործընկերոջ միջոցաւ, ստանայ իրենց դէմ ներկայացուած մեղադրական յօդուածներու եւ դատավճիռներու ամբողջական բնագիրները՝ հայերէն եւ ազրպէյճաներէն տարբերակներով, եւ զանոնք փոխանցէ իր ընտանիքին ու հարազատներուն։
Ան նաեւ յայտնած է, թէ վերջերս գրութիւն մը փոխանցած է ազրպէյճանի ՄԻՊ-ին՝ նոյն խնդրանքով։ Իշխանեանի համաձայն, վերջինս խոստացած է փոխանցել ազրպէյճաներէն տարբերակը եւ փորձել միջնորդել հարցի լուծման համար։
Անդրադառնալով իր եւ միւս հայ գերիներու դէմ տեղի ունեցած կեղծ դատավարութեան՝ Իշխանեան ընդգծած է, թէ այս դատը բացուած չէ միայն 15 անձի դէմ, այլ՝ հայ ժողովուրդին եւ հայոց պետականութեան դէմ՝ յստակ նպատակներով եւ հեռահար ռազմավարութեամբ։
ազրպէյճանի մէջ ներկայիս կը պահուին 19 հայ գերիներ։ պաքուի զինուորական դատարանը Փետրուար ամսուն ցմահ կամ երկարատեւ ազատազրկման դատապարտած էր 16 հայ գերիներ, որոնց շարքին՝ նաեւ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներ։
