Ցոյցերու 12-րդ Օրուան Ընթացքին Լիբանանի Հիմնական Մայրուղիները Մնացին Փակ

Լիբանանի մէջ շարունակուող համաժողովրդային ցոյցերուն 12-րդ օրուան ընթացքին, երէկ ցոյցերուն թափը զգալիօրէն մեղմացած էր լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ, տեղատարափ անձրեւին պատճառով ցուցարարներուն թիւը բաւական նուազած էր: Առաւօտեան կանուխ ժամերէն քաղաքացիները […]

Ցեղասպանութեան Բանաձեւը Երեքշաբթի Օր Քուէարկութեան Պիտի Դրուի Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ վերջին 30 տարիներուն ընթացքին առաջին անգամն ըլլալով Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին քուէարկութեան պիտի դրուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը։ Արդարեւ, Ներկայացուցիչներու տան դեմոկրատ […]

Աստուածաշունչը Տպելէն, Տարածելէն Ու Կարդալէն Անդին, Պէտք Է Ապրիլ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Վերոնշեալ պատգամը առանցքային տեղ գրաւեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին դասախօսութեան մէջ, զոր տուաւ անգլերէն լեզուով` Հարիսայի համագումարներու սրահին մէջ տեղի ունեցած միջազգային համագումարին ընթացքին: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Միջին Արեւելքի եւ […]

Սիմոն Մարտիրոսեան Դարձաւ Եւրոպայի Երիտասարդներու Ախոյեան

Հայաստանի ծանրամարտի հաւաքականի անդամ Սիմոն Մարտիրոսեան դարձաւ Եւրոպայի Մ23 տարեկաններու ախոյեան: Ըստ Armenpress.am-ի՝ Պուխարեսթի մէջ ընթացող Եւրոպայի երիտասարդներու առաջնութեան, գերծանր քաշային կարգի մէջ, Մարտիրոսեան նախ բարձրացուց 192 քկ: Երկրորդ մօտեցմամբ […]

ՏԱՀԵՇ-ի Ղեկավար Ապու Պաքր Ալ Պաղտատի Սպաննուեցաւ

Կիրակի, 27 Հոկտեմբեր 2019-ի գիշերուան ժամը 12։30-ին, ամերիկեան-թրքական ուժերուն պատկանող 8 օդանաւեր յարձակում գործեցին ՏԱՀԵՇ-ի զինեալ ահաբեկչական խմբաւորման ղեկավար Ապու Պաքր ալ Պաղտատիի թաքստոցին վրայ, որ կը գտնուի Իտլիպի Պարիշա […]

Ղարաբաղը Կը Պատկանի Հայաստանին. Յայտնի Ռուս Լրագրողը Պատասխանած է Ատրպէյճանուհիին. Տեսանիւթ

Յայտնի ռուս լրագրող եւ գրող Վլատիմիր Պոզներ Քալիֆորնիոյ մէջ (ԱՄՆ) ելոյթի ընթացքին պատասխանած է ատրպէյճանցի երիտասարդ կնոջ դիտարկման՝ Ղարաբաղի հարցով Պոզների «հայանպաստ» դիրքորոշման վերաբերեալ: Ըստ SHANTNEWS.am-ի՝ այս մասին յայտնած է rusarminfo.ru-ն: Արզու […]

11-րդ Օրն Ըլլալով Մեծաթիւ Ցուցարարներ Լեցուցին Լիբանանեան Քաղաքներուն Հրապարակները

“Ազդակ” կը հաղորդէ, որ Հոկտեմբեր 27-ին համաժողովրդային մարդաշատ ցոյցերը թեւակոխեցին իրենց 11-րդ օրը` լիբանանեան գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ: Յատկանշական էր Սուրէն Թրիփոլի երկարող ձեռք-ձեռքի «Մարդկային շղթայ»ն, որ կազմակերպուեցաւ երէկ: Մինչ այդ, […]

Ցեղասպանութեան Բանաձեւը Հովանաւորող Քոնկրեսականներուն Թիւը Կը Շարունկէ Աճիլ

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեց Ներկայացուցիչներու տան ղեկավարութեան այն որոշումը, որուն շնորհիւ 30 տարիներու ընթացքին առաջին անգամն ըլլալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը քուէարկութեան պիտի դրուի Ներկայացուցիչներու տան լիագումար նիստին։ […]

Լաթվիայի Մէջ Յովհաննէս Թումանեանի Հեքիաթներու Ժողովածուն Տպուած է

Լաթվիայի մէջ տպուած է Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթներու ժողովածուն: Այս մասին, Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Լաթվիայի մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Մկրտչեան: «Ուրախ ենք տեղեկացնելու, որ Լաթվիայի մէջ վերջապէս տպուեցաւ […]

Սուրիոյ Մէջ Թուրքիոյ Ցեղասպանական Արարքները Դատապարտելու Կոչ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդէն

17-18 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած իր տարեկան ժողովին ընթացքին Հայ աւետարանական Համաշխարհային խորհուրդը (ՀԱՀԽ) սերտեց Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանին վրայ թրքական բանակի միակողմանի յարձակումը եւ անոր ահաւոր հետեւանքը շրջանի բնակիչներուն վրայ։ Ժողովի […]