Ռաքքայի եւ Հալէպի Արուարձաններուն Մէջ 2 Զոհ Արձանագրուեցաւ

Աշխարհ

Ռաքքայի հիւսիսային արուարձանի Թէլ Ապիատ շրջանի Սալլուք աւանին կեդրոնը պայթեցաւ ականապատուած հեծանիւ մը, որուն հետեւանքով արձանագրուեցան 1 զոհ եւ վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ նիւթական վնասներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը՝ վկայակոչելով ՍԱՆԱ-ի թղթակիցը։

Միւս կողմէ, տեղական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Հալէպի հիւսիսային արուարձանի Ռաաի շրջանին մէջ գտնուող Թուէրան գիւղի ճամբուն վրայ պայթուցիկ ականի մը պատճառով զոհուեցաւ քաղաքացի մը եւ ուրիշներ վիրաւորուեցան: