Ցոյցերու 12-րդ Օրուան Ընթացքին Լիբանանի Հիմնական Մայրուղիները Մնացին Փակ

Աշխարհ

Լիբանանի մէջ շարունակուող համաժողովրդային ցոյցերուն 12-րդ օրուան ընթացքին, երէկ ցոյցերուն թափը զգալիօրէն մեղմացած էր լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ, տեղատարափ անձրեւին պատճառով ցուցարարներուն թիւը բաւական նուազած էր: Առաւօտեան կանուխ ժամերէն քաղաքացիները իրենց ինքնաշարժներով փակեցին երկրին գլխաւոր մայրուղիները` անդամալուծելով տնտեսական կեանքը: Այս մասին կը հաղորդէ Պէյրութի “Ազդակ” օրաթերթը։

Իշխանութեան զանազան կողմերուն միջեւ տեղի ունեցած քաղաքական հանդիպումները, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին տուած հարցազրոյցը եւ ցուցարարներուն կողմէ կազմակերպուած զրոյցները, քննարկումները եւ պատկերասփիւռի կայաններէն ելոյթները եղան երկրին հիմնական իրադարձութիւնները:

Ինչպէս խոստացած էին Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխանները, անոնք երէկ իսկ կատարեցին իրենց դրամատնային հաշիւներու գաղտնիութիւնն ու անձեռնմխելիութիւնը վերացնելու գործողութիւնը:

Երկրի վարչապետը շարունակեց հանդիպումներ ունենալ: Վարչապետ Հարիրի հանդիպում ունեցաւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի հետ, ապա անջատաբար տեսակցեցաւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի եւ աւագ քննիչ դատախազ Ղասսան Օուէյտաթի հետ: Կացութեան լուծման հեռանկարները տակաւին անորոշ կը մնան:

Երէկ լիբանանեան պետական «Թէ. Էլ.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Հարիրի պիտի չընդունի ներկայ կացութեան շարունակութիւնը` հաշուըւած օրերէ աւելի:

«Սի.Էն.Էն.»-ին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յատկանշական յայտարարութիւն մը կատարեց` ըսելով, որ եթէ բողոքի ցոյցերը շարունակուին, Լիբանանի տնտեսութիւնը պիտի քայքայուի: Իսկ միւս կողմէ, Լիբանանի դրամատուներու միութեան վարչութիւնը հաստատեց, որ դրամատուները պիտի ապահովեն պետական մարզի պաշտօնեաներուն ամսականները, յատկապէս ամսականները սպաներուն, բանակայիններուն եւ ապահովական ուժերու անդամները:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Միրնա Շալուհիի կեդրոնատեղիին մէջ կուսակցութեան երեսփոխաններն ու նախարարները յայտարարեցին, որ կը վերացնեն Լիբանանի եւ արտերկրի մէջ գտնուող դրամատնային իրենց հաշիւներու գաղտնիութիւնը եւ անձեռնմխելիութիւնը, իսկ անոնց կողմէ պատուիրակութիւն մըն ալ այցելեց Այն Թինէ եւ տեսակցեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխաններն ու նախարարնեը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեանբ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի, այցելեց Այն Թինէ, ուր տեսակցեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Տեսակցութենէն ետք Քանաան լրագրողներուն յայտնեց, որ այս փուլին կը խօսուի կարեւոր օրինագիծերու մասին, որոնք կ՛առնչուին փտածութեան դէմ պայքարի, հաշուետութեան եւ կողոպտուած գումարներու վերադարձին, նոյնպէս` անձեռնմխելիութեան վերացման: «Այս բոլոր օրինագիծերը ներկայացուած են Հզօր Լիբանան համախմբումին կողմէ, եւ ժամը հասած է լուրջ քայլ առնելու անոնց վաւերացումը ապահովելու համար», ըսաւ երեսփոխան Քանաան, ըստ որուն, այս առնչութեամբ համաձայնութիւն գոյացած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, որ իր կարգին պէտք է գործի հրաւիրէ հանրային խորհուրդը եւ խորհրդարանական յանձնախումբերը, որպէսզի անոնք ըլլան սկիզբը սահմանադրական հաստատութիւններու աշխատանքի կանոնաւորութեան եւ աշխուժութեան:

«Այս առնչութեամբ բոլորը պէտք է գործակցին, նոյնիսկ քաղաքացիները, որոնք թափանցիկութեան եւ կողոպտուած գումարներու վերադարձը կը պահանջեն», ըսաւ Քանաան` յոյս յայտնելով, որ շուտով կը ստեղծուի Դրամական ոճիրներու յատուկ ատեանը, որուն առաջարկը ներկայացուցած էր նախագահ Միշել Աուն, երբ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահն էր:

Հզօր Լիբանան համախմբումի անդամ, երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի յայտնեց, որ եթէ ժողովրդային շարժումը անմեղ ըլլար, չէր բարձրացներ «Բոլորը, այսինքն` բոլորը» կարգախօսը: Ան դիտել տուաւ, որ դրամատնային հաշիւներու գաղտնիութիւնը եւ անձեռնմխելիութիւնը վերացնելու քայլը փաստ մըն է, որ իրենք թափանցիկ են եւ չեն վախնար արդարադատութենէն կամ պատասխանատուութեան ենթարկուելէ: Ան աւելցուց, որ իրենք պիտի ընեն ամէն ինչ, որպէսզի փաստեն, որ այլ փտած քաղաքական գործիչներու չեն նմանիր:

Սահնաուի յայտնեց, որ երկրորդ սուտը այն է, որ ամբողջ Լիբանանի ժողովուրդը ճամբան է, մինչ 90 առ հարիւրը տունը մնացած է: Ան բացատրեց, որ ճամբուն վրայ գտնուողները իրենց ընտանիքներն են, բարեկամները, եւ մեծ մասը անմեղ են, եւ կապ չունին դաւադրութիւններու հետ:

Միւս կողմէ, տնտեսութեան նախարար Մանսուր Պըթեյշ շնորհակալութիւն յայտնեց փողոցները գտնուող ժողովուրդին, որովհետեւ անոնք օգտակար դարձան իրականացնելու նուաճումներ, որոնք նախապէս կարելի չէր եղած իրականացնել:

Հզօր Լիբանան համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանի յայտնեց, որ այս կառավարութիւնը ձախողած է, եւ այդ ձախողութեան համար պատասխանատուները հանրապետութեան նախագահը եւ վարչապետը չեն: Ան շեշտեց, որ պատճառը կառավարութեան սխալ կազմուածքն է, եւ այսօր ժողովուրդը անոր գինը կը վճարէ:

Ան նշեց, որ համայնքային դրուածքը կառավարութեան արգելք հանդիսացած է ըլլալու միատարր եւ արդիւնաւէտ աշխատանք տանելու:

Պուսթանի յայտնեց, որ բողոքի շարժումը եւ ցոյցերը արդարացի են, եւ պէտք է օգնել կազմելու համար օրէնքի պետութիւն: Ան բացատրեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ իրմէ երբեք չէ պահանջած որոշ խօսք մը ըսել:

Ան շեշտեց, որ կուսակցութիւններուն միջամուխ ըլլալը կրնայ բաժնել անկեղծ ժողովուրդը, որ կը բողոքէ ճամբաներուն վրայ` փափաք յայտնելով, որ ատիկա կատարուած ըլլար 1975 թուականին, երբ ժողովուրդը սկսաւ գաղթել:

Ան ընդգծեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, ինչպէս նաեւ իրենք, խօսած են քաղաքացիական պետութեան մասին, սակայն առանց ակնկալելու, որ ժողովրդային այսպիսի արձագանգի պիտի արժանանայ: Ան յայտնեց, որ նախագահ Աուն չի կրնար կառավարութենէն պահանջել, որ հրաժարի, ո՛չ ալ կրնայ լուծարել զայն:

«Մեզի կը մտահոգէ տնտեսութիւնը եւ լիբանանեան դրամանիշին իրավիճակը: Անկախ կառավարութիւնը կրնայ անկախօրէն պատասխանատուութեան ենթարկուիլ խորհրդարանին կողմէ», նշեց Պուսթանի:

Պուսթանի յայտնեց, որ կան այլ երեսփոխանական պլոքներէ երեսփոխաններ, որոնք պիտի հետեւին Հզօր Լիբանան համախմբումի օրինակին` վերացնելու իրենց դրամատնային հաշիւներու գաղտնիութիւնը եւ անձեռնխելիութիւնը:

Երէկ վարչապետ Հարիրի հանդիպում ունեցաւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի հետ, ապա տեսակցեցաւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի հետ: Հարիրի նաեւ հանդիպեցաւ աւագ քննիչ դատախազ Ղասսան Օուէյտաթի հետ: Քննարկուեցան երկրին վերջին իրադարձութիւնները` համաժողովրդային ցոյցերուն լոյսին տակ:

Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ եթէ բողոքի ցոյցերը շարունակուին, երկրին տնտեսական վիճակը պիտի քայքայուի: Ան յայտնեց, որ Լիբանանի իսկական հարստութիւնը կը նկատուին արտերկրի լիբանանցիներուն փոխանցած դրամները, եւ եթէ անոնք չտեսնեն լուծումներ, որոնք ապագայի յոյս կը ներշնչեն, ապա պիտի դադրին այդ դրամական հոսքերը, որոնց Լիբանան մեծապէս կը վստահի: «Այս կացութիւնը փրկելու համար, մենք կարիքը ունինք անմիջական լուծումներու», ըսաւ Սալամէ:

Ան նշեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի ուզեց նոր կառավարութիւն կազմել` հաստատելով, որ ան պիտի չհրաժարի եւ երկիրը պիտի չձգէ կառավարական դատարկութեան մէջ, որովհետեւ ատիկա կը վատթարացնէ վիճակը: Ըստ Սալամէի, Հարիրիի քաղաքական ներկայ շարժումը միտուած է նոր կառավարութեան վերաբերեալ փոխադարձ համաձայնութեան հասնիլ այնպիսի ձեւով, որ կը գոհացնէ լիբանանցի ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ ուղղուած է պետութեան հանդէպ անոնց վստահութիւնը վերականգնելու: Ան յայտնեց, որ ներկայիս այս առումով յառաջընթաց չկայ:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի նախագահ Ֆատլօ Խուրին եւ «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի նախագահ հայր Սալիմ Տաքքաշը` ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժըրայսաթիի, հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շըքէյրի, Ամերիկեան համալսարանի յատուկ խորհրդական Իպրահիմ Խուրիի, համալսարանի տեղեկատուութեան եւ ընդհանուր կապերու տնօրէն Սիմոն Քաշըրի, եւ անոնց հետ քննարկեց երկրին մէջ տիրող քաղաքական եւ ապահովական վերջին զարգացումները:

Նախագահ Աուն մտիկ ըրաւ երկու համալսարաններու նախագահներու տեսակէտներուն, ինչպէս նաեւ բացատրեց ներկայ կացութեան վերաբերեալ իր տեսլականը եւ լուծման միջոցները:

Երէկ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին ի զօրակցութիւն ցոյց տեղի ունեցաւ «Լա Սիթէ» Ճիւնիէն մինչեւ Ֆուատ Շեհապ մարզադաշտ, ուր Ազգային ազատ հոսանքի համակիրները կատարեցին հանրահաւաք մը:

Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ երէկ հաստատեց, որ բանակը կը գտնուի ճամբաներուն վրայ, բայց բռնի ուժով չի բանար զանոնք, որպէսզի ոչ մէկ բախում արձանագրուի ցուցարարներուն հետ: Ան անհրաժեշտ նկատեց ճամբաները բանալու հարցին շուտով լուծում տալ` նոյն ատեն զգուշ ըլլալով, որ բախումներ չըլլան բանակին եւ քաղաքացիներուն միջեւ: Ան աւելցուց, որ մօտ օրէն ժողով պիտի գումարուի այս գծով:

«Նոյն շրջանի մարդոց միջեւ բախումը եւ լարուածութիւնը սկսաւ աճիլ, եւ ան որ կը հրահրէ այդ լարուածութիւնը, պէտք է պատասխանատուութիւն կրէ», նշեց Պու Սաապ:

Վարչապետ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հաղորդեցին, որ Լիբանանի բոլոր պատասխանատուներուն քով մտավախութիւն կայ ներկայ կացութեան նկատմամբ, որ մտահոգիչ է, յատկապէս տնտեսական գետնի վրայ: Աղբիւրները նշեցին, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի կ՛աշխատի քաղաքական լուծում գտնելու եւ Պաապտայի հանդիպումէն բխած կառավարական կացութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու: «Երկիրը այլեւս յաւելեալ սպասել չի կրնար եւ ժամանակ վատնել, եւ պէտք է հաւասարակշռութիւն ըլլայ փողոցի պոռթկումին եւ ազգային շահի պահանջներուն միջեւ», ընդգծեցին աղբիւրները:

Աղբիւրները յայտնեցին, որ շարժումը իրականացուցած է հիմնական նպատակներ, եւ ամէնէն կարեւորը` ցոյցերուն խաղաղ ըլլալն է, նշելով, որ ցոյցերուն այս խաղաղ բնոյթը պատճառ դարձաւ, որ ապահովական ուժերը միջոցառումներ առնեն պաշտպանելու համար ցուցարարները եւ բանան ճամբաները:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ Պաապտա միացեալ չափանիշներ կ՛առաջարկէ որեւէ կառավարական փոփոխութեան համար, աղբիւրները յայտնեցին, որ չափանիշները այս ձեւով դնելը ձեւական ծրագիրներ են եւ ոչ թէ լուծումներու ծրագիրներ` նշելով, որ Հարիրի կը պահպանէ իր կեցուածքը, որ կը փրկէ ընդհանուր շահը եւ կ՛արգիլէ կործանումը, ինչպէս նաեւ տնտեսական վիճակը կը բարելաւէ:

Ազգային լրատու գործակալութիւնը երէկ յայտնեց, որ իտալական եկեղեցիները զարկին իրենց զանգերը իբրեւ զօրակցութեան նշան Լիբանանին: Իսկ իտալական թերթերը 11 օրուան լռութենէն ետք էջեր յատկացուցին լիբանանեան վերջին իրադարձութիւններուն` անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս պապին կիրակի օր կատարած այն յայտարարութեան, որ ինք կը մտածէ Լիբանանի ժողովուրդին, յատկապէս երիտասարդներուն մասին, որոնք վերջին օրերուն իրենց պոռթկումը արտայայտեցին:

«Լա Սթամփա» թերթը գրեց հետեւեալը. «Պէտք չէ մոռնանք դժուար տագնապէ անցնող երկիր մը, որուն հետ պատմական յարաբերութիւններ ունինք»: