Մեր Նպատակն է Կանխել Արտագաղթը եւ Խթանել Ներգաղթը. Նիկոլ Փաշինեան

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու «Gulf News» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ անդրադարձած է հարցին, թէ ինչպէ՞ս է արտագաղթի կանխարգելման ուղղուած նոր տնտեսական քաղաքականութիւնը:

ՀՀ վարչապետը ընդգծած է, որ աւելի քան 12 տարուան ընթացքին առաջին անգամ ժամանումներու թիւը գերազանցած է մեկնումներուն. «2018 թուականին ունեցանք 15,313 դրական հաշուեկշիռ: Արտագաղթը նուազած է՝ համապատասխան ցուցանիշը այս տարի բարելաւուած է 32 անգամ 2015 թուականի համեմատ: Մինչդեռ այս տարուան առաջին վեց ամիսներուն ընթացքին մենք ունինք նուազ 2.334 հաշուեկշիռ: Մեր նպատակն է կանխել արտագաղթը եւ խթանել ներգաղթը»,- ըսած է վարչապետը:

Անոր խօսքով՝ անցեալի փորձը ցոյց կու տայ, որ ներգաղթը կ’աճի, երբ երկրին մէջ տնտեսութիւնը կը զարգանայ, եւ կը ստեղծուին նոր աշխատատեղեր: «Խորհրդային ժամանակաշրջանին այդպէս էր: Համոզուած եմ, որ մեր կառավարութեան քաղաքականութիւնը եւ տնտեսական յեղափոխութիւնը պիտի խթանեն ներգաղթը: Մեր խնդիրն է՝ ապահովել քաղաքացիներուն աշխատելու եւ ստեղծագործելու համար անհրաժեշտ պայմաններ, եւ մենք վճռական ենք այդ գործին մէջ»,- նշած է Նիկոլ Փաշինեանը: