Հայ Մամուլի Նուիրուած Գիտաժողովը՝ Նիւ Եորքի Մէջ

Սփիւռք

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ 2019 թուականը «Մամուլի Տարի» հռչակուելու, «Հայրենիք» շաբաթաթերթի 120-ամեակի եւ «Արմինիըն Ուիքլի» շաբաթաթերթի 85-ամեակի առիթներով, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանն ու «Հայրենիք» Հաստատութիւնը միասնաբար կազմակերպեցին Հայ Մամուլին նուիրուած միօրեայ Գիտաժողով մը, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 26-ին, Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ «Փաշալեան» սրահէն ներս: Այս մասին կը հաղորդէ «Հայրենիք»-ը՝ խոստանալով շուտով հրապարակել նաեւ գիտաժողովին մանրամասնութիւնները։