Լոյս Տեսած է «Երուսաղէմի Հայկական Թաղամասի Գաղտնիքները» Գիրքը

Սփիւռք

Լոյս տեսած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Հայր Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեանի առաջին` «Երուսաղէմի հայկական թաղամասի գաղտնիքները» գիրքը: Հրատարակութեան շնորհիւ՝ մարդիկ պիտի ծանօթանան հետաքրքրական եւ ուշագրաւ պատմութիւններու` նուիրուած Հայկական Երուսաղէմին եւ այնտեղ հայերու հետքերուն: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Անդրադառնալով գիրքի պատմութեան` Հայր Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեան ըսած է, որ գրեթէ 17 դար հայ եկեղեցին Սուրբ Երկրին մէջ` յատկապէս Երուսաղէմի եւ միւս կարեւոր քաղաքներուն, ներկայութիւն ունի, որուն ընթացքին այնտեղ կ՝իրականացնէ շատ կարեւոր առաքելութիւն: Գիրքը նախ կ՝անդրադառնայ այդ առաքելութեան: Երկարուձիգ դարերու ընթացքին հայ եկեղեցին Սուրբ Երկրին մէջ ստեղծած է պատմամշակութային եւ հոգեւոր հարուստ ժառանգութիւն, որ յաւուր պատշաճի չէ ներկայացուած հասարակութեան: Դիւանապետը այս գիրքով փորձած է անդրադառնալ հայկական այդ ժառանգութեան` զանոնք հասանելի դարձնելով հայ ժողովուրդին եւ օտարներուն:

Գիրքը կը թարգմանուի անգլերէն եւ եբրայերէն: Յաջորդ տարի կը նախատեսուի երկրորդ եւ երրորդ գլուխներու հրատարակումը` ներառելով, ընդհանուր առմամբ, 60 պատմութիւն: Ընթերցասէր հասարակութիւնը գիրքը կրնայ ձեռք բերել Երեւանի գրախանութներէն:

Անդրադառնալով Երուսաղէմի հայ համայնքին` Հայր Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեան կարեւոր կը համարէ, որ համայնքին մէջ բոլորը այսօր կ՝ապրին զբաղած կեանքով, գրեթէ գործազրկութիւն չի նկատուիր տեղի հայերուն մէջ: Անոնց մեծ մասը յատկապէս կը զբաղի առեւտուրով, ինչպէս նաեւ կան տաղանդաշատ արուեստագէտներ, արհեստաւորներ եւ գրասենեակային աշխատողներ: