Պայտըն Ողջունած է Ներկայացուցիչներու Պալատին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւին Ընդունումը

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխնախագահ, 2020 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն Դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահի թեկնածուի յաւակնորդ Ճօ Պայտըն ողջունած է Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին ընդունումը:

Այս մասին ան գրառում կատարած է Twitter-ի իր էջին:

«Ճանչնալով այս ցեղասպանութիւնը՝ մենք կ՝ոգեկոչենք անոր զոհերուն յիշատակը ու կը խոստանանք՝ այլեւս երբեք»,- գրած է ան: