Թուրքիոյ Սուտերէն Ետք Ժամանակն է Հաստատելու Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Ճշմարտութիւնը․ Սմիթ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Թուրքիոյ սուտերէն ետք ժամանակն է հաստատելու Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ճշմարտութիւնը եւ յարգելու զոհերուն յիշատակը, վերապրածներն ու անոնց ընտանիքները:

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի քննարկման ժամանակ նման կարծիք յայտնեց պալատի հանրապետական անդամ Քրիս Սմիթ։ Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

«Թուրքիոյ կառավարութիւնը իրականացուցած է ժխտողական քաղաքականութիւն եւ ատիկա ըրած է տասնամեակներ շարունակ, օգտագործելով զանազան միջոցներ, ահաբեկելով եւ պատժելով Թուրքիոյ քաղաքացիները, որոնք կը համարձակին ճանչնալ Օսմանեան կառավարութեան կողմէն իրականացուած ցեղասպանութիւնը, որ սկսած է 1915 թուականին»,- ըսաւ Նիւ Ճըրսին ներկայացնող Սմիթը։

Անոր խօսքով՝ Անգարան կը ձգտի վախցնել ազգերը, սակայն արդէն տասնեակ երկիրներ ընդունած են Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը։

«Մենք այսօր պէտք է ընենք նոյնը: Տարիներու ընթացքին քանի մը նախագահ ճանչցած է դաժանութիւնն ու սպանդը: Ռոնալտ Ռիկընա ալ անուանեց զայն Հայոց Ցեղասպանութիւն: Ան ըսած էր, որ ինչպէս Հայոց Ցեղասպանութիւնը, անոր յաջորդած՝ քամպոտիացիներու ցեղասպանութիւնը, այնպէս ալ շատ ազգերու այլ հետապնդումներ, Հոլոքոսթի դասերը, երբեք պէտք չէ մոռցուին»,- նշեց Սմիթ։

Ան յորդորեց չվախնալ Թուրքիայէն, Էրտողանէն եւ ուրիշներէ։

«Յատուկ երախտագիտութիւն կը յայտնեմ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, Հայկական համագումարին եւ հայկական սփիւռքին՝ հետեւողական քննարկումներու համար: Թուրքիոյ սուտերէն ետք ժամանակն է հաստատելու Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ճշմարտութիւնը եւ յարգելու զոհերու, վերապրածներու եւ անոնց ընտանիքներու յիշատակը»,- եզրափակեց Սմիթը։