Category: Աշխարհ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ Համաշխարհային Աղօթքի Օրուան
Ֆրանսիս Պապին եւ Ալ Ազհարի միացեալ նախաձեռնութեամբ, 14 Մայիսը հռչակուեցաւ Համաշխարհային Աղօթքի Օր: Յիշեալ նախաձեռնութեան միացաւ նաեւ Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը, միջազգային այլ կազմակերպութիւններ եւ կրօններ: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. […]
Դոկտ. Դուրեան Քալիֆորնիոյ Տարածքին «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարին Մէջ Առաջատար Դեր Պիտի Ստանձնէ
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ կառավարիչ Կեւըն Նիւսըմ «Քորոնա» ժահրին դէմ նահանգային պայքարին եւ յատկապէս համաճարակին տարածումը զսպելու համար վարակուածները հետապնդելու գործին մէջ, առաջատար դեր մը վստահած […]
Մարդասիրական Օգնութիւն` Լիթուանիայէն Հայաստանին
Մայիս 13-ին Լիթուանիոյ Շիաուլիայ քաղաքի օդակայանին մէջ տեղի ունեցած է Լիթուանիոյ կողմէ Հայաստանին որպէս մարդասիրական օգնութիւն տրամադրուելիք բժշկական սարքաւորումներու փաթեթաւորման եւ ճանապարհման արարողութիւնը, որուն մասնակցած է Լիթուանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան […]
ԱՄՆ Գլխաւոր Համաճարակաբանը Ծերակոյտին Մէջ Խօսած է Նուպար Աֆէյեանի Ընկերութեան Ստեղծած Պատուաստանիւթին Մասին
Երեքշաբթի օրը ԱՄՆ Ծերակոյտի առողջապահութեան, կրթութեան, աշխատանքի եւ կենսաթոշակներու յանձնաժողովին մէջ տեղի ունեցան լսումներ, որուն հեռավար դրութեամբ մասնակցեցաւ ԱՄՆ-ի գլխաւոր համաճարակաբան, դոկտոր Էնթընի Ֆաուչին, կը հաղորդէ «Փանորամա»-ն։ Լսումներուն նոյն ձեւով […]
Պոլսոյ Հայկական Եկեղեցւոյ Դէմ Կատարուած Ոտնձգութեան Հարցը Թուրքիոյ Խորհրդարան Տեղափոխուած է
Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութենէն (HDP-ԺԺԿ) ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան հայկական եկեղեցւոյ վրայ կատարուած յարձակման հարցը տեղափոխած է երկրի խորհրդարան: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։ Ան գրաւոր […]
Ապտակ Թուրքիոյ Երեսին. Էրտողան Կը Հակազդէ. «Տեղ Պիտի Չտանք Հայերուն եւ Յոյներուն»
Երկուշաբթի՝ 11 Մայիսին, Յունաստանի, Կիպրոսի, Եգիպտոսի, Ֆրանսայի եւ Արաբական Միացեալ էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարները միացեալ յայտարարութեամբ մը դատապարտեցին Թուրքիոյ յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը Արեւելեան Միջերկրականի մէջ, յատկապէս Կիպրոսի հորատման ծովային գօտիներուն վրայ […]
Hurriyet-ը Անդրադարձած է Պոլսահայ Նշանաւոր Feminist Գրող Զապէլ Եսայեանին
Թրքական «Hurriyet» թերթի կայքի սիւնակագիր Պահար Չուհատարը անդրադարձած է պոլսահայ նշանաւոր feminist գրող, թարգմանիչ, հրապարակախօս, գրականագէտ Զապէլ Եսայեանի կենսագրութեան պատկերներով Պոլսոյ մէջ բեմադրուող «Զապէլ» ներկայացման։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կ՝իմանայ Ermenihaber.am-էն։ […]
Աւելի Քան 100 Տարի Անցած է, Սակայն Այդ Սուրը Ոչ Մէկ Կերպ Վար Դրուած է. «Ակօս»
Պոլսահայ «Ակօս» թերթը անդրադարձած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վերջին աղմկայարոյց արտայայտութեան։ Էրտողանը՝ խօսելով ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մասին՝ նշած էր, որ Թուրքիոյ մէջ կան «սուրի աւելցուկ» ահաբեկիչներ, որոնց թոյլ պիտի […]
Աֆէեանի Ընկերութեան Պատրաստած Պատուաստանիւթը Հետազօտման 2-րդ Փուլին Անցնելու Արտօնութիւն Ստացած է
ԱՄՆ սնունդի եւ դեղորայքի վերահսկողութեան գերատեսչութիւնը (FDA) թոյլատրած է ամերիկահայ գործարար Մուպար Աֆէեանի Moderna Therapeutics ընկերութեան անցնիլ իր պատուաստանիւթի հետազօտման երկրորդ փուլին: Ան շուտով պիտի մեկնարկէ: MRNA-1273 պատուաստանիւթը առաջինն է, որ ստացած է թոյլտւութիւն ամերիկեան […]
Թրամփ Փաթրիք Յովակիմեանը Առաջադրած է Ազգային Հետախուզութեան Տնօրէնի Գրասենեակի Գլխաւոր Խորհրդականի Պաշտօնին
ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ Ազգային հետախուզութեան տնօրէնի գրասենեակի գլխաւոր խորհրդականի պաշտօնին համար առաջադրած է Փաթրիք Յովակիմեանի թեկնածութիւնը։ Այս մասին “Եռագոյն»-ը կը տեղեկանայ News.am-էն։ Նշենք, որ ներկայիս Յովակիմեան կը զբաղեցնէ գլխաւոր […]









