Հայ Դատի Տարեկան Ձեռնարկը՝ Առցանց

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեյկացնէ, թէ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին ստեղծած պայմաններուն պատճառով, որոշած է այս տարի աննախընթաց քայլի մը դիմել՝ տարեկան սպասուած ձեռնարկը իրականացնել առցանց։

Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 4 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան կը յայտնէ, թէ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին ստեղծած նոր մարտահրաւէրները արգելք չեն, որ Հայ Դատի ջատագովման աշխատանքները անխափան շարունակուին:

Մեծ ժողովրդականութիւն վայլող Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկը առիթ մըն է՝ ներկայացնելու Հայ Դատի յանձնախումբին վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը եւ իրագործումները, նոյն ժամանակ պատուելու այն անհատներն ու կազմակերպութիւնները, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են Հայ Դատի ջատագովման աշխատանքները անխափան շարունաելու գործին մէջ:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի հրապարակուին յառաջիկային։