Սուրիահայութիւնը Տնտեսական Դժուարութիւններու Նոր Ալիքի Մը Դէմ Յանդիման

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Գանձասար»-ի խմբագրական

Սուրիա պատերազմի հետքը չթօթափած նոր դժուարութիւններու դէմ կը յայտնուի: Այս դժուարութիւններուն յառաջացման մէջ մեծ դերակատարութիւն ունին Արեւմուտքի, յատկապէս ԱՄՆ-ի սահմանած տնտեսական պատժամիջոցները, որոնք կը շրջանցեն մարդկային ամէն չափանիշ, յատկապէս պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պարտադրած պայմաններուն մէջ կիրարկուելով ու նոյնիսկ դեղորայքի եւ բժշկական սարքերու դէպի Սուրիա արտածումը արգիլելով:
Այս դժուարութիւններուն տուն կու տան նաեւ պսակաձեւ ժահրի համաճարակն ու անոր հետեւանքով ստեղծուած սահմանափակումներն ու անգործութիւնը, Լիբանանի տնտեսաքաղաքական տագնապը եւ Սուրիոյ մէջ օրըստօրէ մագլցում արձանագրող սղաճը:
Սուրիոյ կառավարութիւնը իր կարելիութիւնները լարած կը փորձէ լուծումներ որոնել, դրամաշնորհներ բաշխել անգործ մնացողներուն, նեցուկ կանգնիլ տնտեսական փոքր ծրագիրներու, աստիճանաբար բանեցնել գործարաններն ու աշխատանոցները՝ առաջքը առնելու աղքատութեան տոկոսին բարձրացման: Միւս կողմէ սուրիական բանակը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ վերականգնելու երկրին ապահովութիւնը, յատկապէս հիւսիսային շրջաններուն մէջ, պաշտպանելու երկիրը արտաքին թշնամիներու թափանցումներէն, յատկապէս Թուրքիոյ, ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի շարունակուուղ յարձակումներէն:
Սուրիան ինքնաբաւ երկիր է, ունի քարիւղի եւ կազի հարուստ հանքեր, հետեւաբար քաղաքական կայունութիւնը եւ ժողովուրդին ներքին միասնութիւնը մեծապէս կրնան նպաստել տնտեսական դժուարութիւններու մասնակի յաղթահարման:
Այս երկու ձեռքբերումները սակայն ժամանակի եւ ճիգի կը կարօտին: Մինչ այդ անհրաժեշտ է նեցուկ կանգնիլ ժողովուրդին, որպէսզի ան կարենայ պահպանել իր նուազագոյն կենսամակարդակը եւ գոյատեւել մինչեւ քաղաքական բեմի վրայ բարւոք լուծումներու երեւումը:
Այսպիսի ծանր պայմաններու մէջ կը գոյատեւէ նաեւ սուրիահայութիւնը, փորձելով վերակազմակերպել իր կրթական, մշակութային, եկեղեցական, ազգային կեանքը, տնտեսական եւ ապահովական արտակարգ պայմաններու մէջ:
Ողջունելի են բարեսիրական միութիւններուն անխոնջ աշխատանքն ու ժողովուրդին օգնութեան փութալու մշտական ջանքերը, նոյնիսկ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պարտադրած պայմաններուն մէջ:
Սուրիահայ գաղութը զօրեղ եւ աշխոյժ պահելու հրամայականը շեշտելով կ’ակնկալենք, որ շարունակուին ժողովուրդին ծառայելու գաղութիս կառոյցներուն բազմաբնոյթ աշխատանքները, սփիւռքեան մեր գաղութներուն ներդրումները, որպէսզի սուրիահայութիւնը շարունակէ իր գոյութեամբ նոր ու նորոգուող աւիշ հայթայթել համահայկական կեանքին եւ յաղթահարելով այս տագնապը եւս, պահէ ու ամրապնդէ իր առանցքային դերը հայկական Սփիւռքի խճանկարին մէջ: