Զոհրապ Մնացականեան Եւ Սերգէյ Լաւրով Անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի Հարցի Գործընթացին

Աշխարհ, Հայաստան

Ռուսական կողմին նախաձեռնութեամբ՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան, 14 Մայիսին, հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի հետ։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն ԵՌԱԳՈՅՆ-ին յայտնեցին, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները քննարկեցին երկկողմանի օրակարգին, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային կառոյցներու՝ ԱՊՀ, ԵԱՏՄ եւ ՀԱՊԿ շրջանակներուն մէջ փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Զոհրապ Մնացականեան եւ Սերգէյ Լաւրով անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման գործընթացին: «Քորոնա» ժահրով պայմանաւորուած հարցերու հասցէագրման պարունակին մէջ, արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան կարեւոր նկատեց հակամարտութեան բոլոր կողմերուն անվերապահ յանձնառութիւնը 21 Ապրիլին Մինսկի խումբի համանախագահներուն մասնակցութեամբ եւ միջնորդութեամբ ընդունուած հինգկողմանի յայտարարութեան դրոյթներուն: