Հրանդ Տինքը Սպաննած Օկիւն Սամասթը 9 Ամիսէն Կրնայ Ազատ Արձակուիլ

Աշխարհ, Սփիւռք

Պոլսոյ մէջ 2007-ի Յունուար 19-ին «Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ նախկին խմբագիր Հրանդ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթը 9 ամիսէն կրնայ ազատութեան մէջ յայտնուիլ, «Եռագոյնը»-ի փոխացմամբ՝ կը յայտնէ Ermenihaber-ը:

Սամասթ Տինքի սպանութեան եւ ապօրինի զէնք կրելու ու օգտագործելու համար դատապարտուած էր 22 տարի 10 ամսուան ազատազրկման: Սակայն, յանցագործութեան կատարման պահուն եղած է անչափահաս, որուն պատճառով սահմանուած է 15 տարի 2 ամիս ազատազրկում:

Սամասթ բանտարկուած է արդէն 13 տարի ու 5 ամիս: Սակայն պայմանական վաղաժամկէտ ազատման իրաւունքով կը նախատեսուի, որ զայն ազատ կ’արձակեն 9 ամիսէն:

Հրանդ Տինք սպաննուած է 2007-ի Յունուար 19-ին` Պոլսոյ Շիշլի թաղամասին մէջ գտնուող «Ակօս» թերթի խմբագրատան առջեւ` 16-ամեայ թուրք ազգայնական Օկիւն Սամասթի կրակոցէն: