Պիտի Շարունակենք Զօրակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի Բանակցութիւններուն. Թրամփ

Աշխարհ, Հայաստան


Ատրպէյճանական «Ռիփորթ» կայքը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի անկախութեան տօնին առիթով, այդ երկրին նախագահ Իլհամ Ալիեւին յղած իր նամակին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ գրած է հետեւեալը․

«Իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահ, մենք պիտի շարունակենք զօրակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մնայուն եւ խաղաղ լուծում գտնելու բանակցութիւններուն:Միացեալ Նահանգները կը զօրակցի Ատրպէյճանի գերիշխանութեան եւ անկախութեան: Միացեալ Նահանգները եւ Ատրպէյճան շուրջ 30 տարի գործակցած են՝ ամրապնդելու համար միջազգային ապահովութիւնը, եւրոպական ուժանիւթի ուղիները եւ աղբիւրները բազմազան դարձնելու ու մեր երկու մեծ պետութիւններու ժողովուրդներուն համար աւելի պայծառ ապագայ մը կերտելու համար: Կը գնահատեմ այդ ոլորտներուն մէջ Ատրպէյճանի կենսական մասնակցութիւնը եւ կը քաջալերեմ բոլոր քայլերը, որոնք ժողովրդավարական կառավարում կը ջատագովեն ու կը պաշտպանեն իրաւունքները եւ ազատութիւնները, զորս խոստացած ենք պաշտպանել: Միացեալ Նահանգները Ատրպէյճանի ժողովուրդին կողքին կը կանգնի` ընդդէմ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին»: