Միշտ Ալ Մոռացութեան Մատնուած Բերձորի (Լաչին) Ազատագրումը

Հայաստան

Շուշիի ազատագրաումէն  շաբաթ մը ետք, Մայիս 18-ին Արցախի ազատամարտիկները ազատագրեցին նաեւ Բերձորի (Բերդաձոր – Լաչին) շրջանը:

Շուշիի պարտութիւնէն հոգեբանօրէն տկարացած ու ջախջախուած ատրպէյճանական ուժերը առանց կատաղի մարտերու թողեցին Լաչինն ու շրջակայ գիւղերը: Այսպէս, ամէն կողմէն շրջափակուած Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ հաստատուեցաւ մարդասիրական միջանցք` կեանքի ճանապարհ:

Նախապէս ազերիական գիւղերով շրջապատուած շրջանը գրաւուած էր ազերիական ուժերուն կողմէ եւ անոր հայ բնակիչները բռնի գաղթի հանուած էին:

Բերձոր կը գտնուի Շուշիի հարաւային մուտքը, այսինքն` Շուշիէն դէպի Լաչին տանող ճամբուն երկայնքին, Լաչինի հետ սահմանագիծին անմիջապէս արեւելքը:

Արցախեան պատերազմի յաղթանակներու շարքին, զարմանալիօրէն, պատշաճ կերպով չի յիշուիր եւ նշուի Բերձորի ազատագրումը։

Մինչդեռ այդ մէկը ոչ միայն ռազմական եւ ռազմավարական յաղթանակ էր, այլ առաջին հերթին` հոգեբանական, գաղափարական ու համահայկական: 1988-ին Արցախեան շարժումը սկսաւ  «Միացում» գաղափարով, բան մը, որ չէր իրականացուէր, եթէ չկատարուէր Լաչինի ազատագրումը:

28 տարիէ ի վեր Բերձորի ազատագրումով, Ստեփանակերտ-Շուշի-Լաչին գիծը կը գտնուէր Արցախի հայկական հանրապետութեան հակակշիռին տակ