ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբը Բժշկական Պարագաներ Փոխանցած է Հալէպի Հիւանդանոցներուն

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող բժշկական խումբը Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան հետ համագործակցութեամբ կը շարունակէ Հալէպի զինուորական հիւնադանոցին եւ այլ բժշկական հաստատութիւններուն փոխանցել բժշկական եւ այլ անհրաժեշտ պարագաներ:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն «Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն» ՊՈԱԿ-էն, բժշկական կեդրոններու ղեկավարները հայ մասնագէտներուն յայտնած են իրենց երախտագիտութիւնը` տրամադրուած անհրաժեշտ պարագաներու եւ բժշկական հաստատութիւններու մէջ ամէն օր ցուցաբերուող օժանդակութեան համար:

Հալէպի զինուորական հիւանդանոցի պետ, զօրավար Ֆայէզ Այուպին բարձր գնահատած է հայ եւ սուրիացի բժիշկներու համատեղ ջանքերը, աշխատանքի հանդէպ անմնացորդ նուիրումը եւ շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի մարդասիրական խումբին` մշտական աջակցութեան համար: