Մարտունիի Մէջ Պիտի Տեղադրուի Գարեգին Նժդեհի Կիսանդրին

Հայաստան

«Ֆերզիտ” շինարարական ընկերութեան տնօրէն Արթուր Խաչատրեանի մտայղացմամբ եւ ֆինանսաւորմամբ ԱՀ Մարտունի քաղաքին մէջ պիտի տեղադրուի Գարեգին Նժդեհի կիսանդրին:

Այս  մասին ըստ «Արցախփրես”՝ ըսած է Մարտունիի քաղաքապետի տեղակալ Էդիկ Աւանեսեանը: Անոր խօսքով` կիսանդրին  պիտի տեղադրուի Գարեգին Նժդեհ փողոցի վրայ, ուր նախապէս կար Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան 70-ամեակին նուիրուած յուշարձան, որ, սակայն, տարիներու ընթացքին քանդուած է: Կիսանդրիի քանդակելու աշխտանքները սկսած են տարուան սկիզբէն եւ ներկայիս աւարտման փուլի մէջ են: Հեղինակը քանդակագործ Արմէն Պետրոսեանն է: 

Աւանեսեան տեղեկացուցած է նաեւ, որ բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբերին: