Նախիջեւանի Մէջ Զօրավարժութիւններ Սկսած Են

«Նախիջեւանի մէջ այսօր (երէկ` 18 մայիսին «Ա.») սկսած են հրամանատարական զօրավարժութիւններ, որոնց կը մասնակցին ինքնավար հանրապետութեան տարածքին մէջ տեղակայուած համազօրային բանակի շարք մը ստորաբաժանումներ ու զօրամասեր», կը տեղեկացնէ ազրպէյճանական ԱՓԱ […]

Պիտի Շարունակենք Զօրակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի Բանակցութիւններուն. Թրամփ

Ատրպէյճանական «Ռիփորթ» կայքը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի անկախութեան տօնին առիթով, այդ երկրին նախագահ Իլհամ Ալիեւին յղած իր նամակին մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ գրած է հետեւեալը․ «Իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսկի […]

Միացեալ Նահանգներու Միջազգային Զարգացման Գործակալութենէն Յաւելեալ 19 Միլիոն Նպաստ՝ Հայաստանին

 Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան եւ Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմին միջեւ ստորագրուեցաւ «Աւելի մասնակցային, արդիւնաւէտ եւ հաշուետու կառավարման զարգացման ուղղուած համագործակցութեան համաձայնագիր»ի փոփոխութիւնը, որուն համաձայն, համաձայնագիրով տրամադրուող օժանդակութիւնը  աւելցաւ 11․5 միլիոն […]

ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբը Բժշկական Պարագաներ Փոխանցած է Հալէպի Հիւանդանոցներուն

Հայաստանի Մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող բժշկական խումբը Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան հետ համագործակցութեամբ կը շարունակէ Հալէպի զինուորական հիւնադանոցին եւ այլ բժշկական հաստատութիւններուն փոխանցել բժշկական եւ այլ անհրաժեշտ պարագաներ: Ինչպէս կը տեղեկացնեն […]

Հայաստանի Մէջ Հանրակառքերու Արտադրութիւն Պիտի Հիմնուի. Կ՝ակնկալուի Հայ-Քորէական Համատեղ Ներդրումային Ծրագիր

Հայաստանի մէջ պիտի հիմնուի Եւրասիական տնտեսական միութեան շուկայի սպառման համար նախատեսուած հանրակառքերու արտադրութիւն՝ քորէական «Եանկսան» (Youngsan) ընկերութեան եւ Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւններու ֆոնտի համատեղ ծրագրի ծիրէն ներս: Ներդրումային նոր ծրագրի արժէքը […]

Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ Հայ Ժողովուրդի Դէմ Յանցագործութիւնները Պէտք Չէ Մոռցուին․ ԵՄ

Եւրոմիութիւնը հետեւողականօրէն իր աջակցութիւնը կը յայտնէ ցեղասպանութիւնը կանխելու ձեռնարկներուն եւ կ՛ոգեկոչէ այն ժողովուրդներու զոհերու յիշատակը, որոնք այս ճակատագրին արժանացած են: Այս մասին Մայիս 14-ին յայտարարած է Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան […]

Հրանդ Տինքը Սպաննած Օկիւն Սամասթը 9 Ամիսէն Կրնայ Ազատ Արձակուիլ

Պոլսոյ մէջ 2007-ի Յունուար 19-ին «Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ նախկին խմբագիր Հրանդ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթը 9 ամիսէն կրնայ ազատութեան մէջ յայտնուիլ, «Եռագոյնը»-ի փոխացմամբ՝ կը յայտնէ Ermenihaber-ը: Սամասթ Տինքի սպանութեան եւ ապօրինի զէնք […]

Հայ Դատի Տարեկան Ձեռնարկը՝ Առցանց

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեյկացնէ, թէ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին ստեղծած պայմաններուն պատճառով, որոշած է այս տարի աննախընթաց քայլի մը դիմել՝ տարեկան սպասուած ձեռնարկը իրականացնել առցանց։ Ձեռնարկը տեղի պիտի […]

Զոհրապ Մնացականեան Եւ Սերգէյ Լաւրով Անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի Հարցի Գործընթացին

Ռուսական կողմին նախաձեռնութեամբ՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան, 14 Մայիսին, հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի հետ։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատւութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան […]

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Ուրուկուէյի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման 55-Ամեակին Առիթով Նամակ Մը Յղեց Ուրուկուէյի Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը երէկ Ուրուկուէյի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման 55-ամեակին առիթով Լիբանանի մէջ Ուրուկուէյի դեսպան Լուիս Ֆակունտեզին յղեց նամակ մը, որուն մէջ նշեց, թէ Ուրուկուէյը 1965-ին Հայոց Ցեղասպանութիւնը […]