Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կ՛ողջունէ Չեխիոյ Ծերակոյտին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Դատապարտումը

Աշխարհ, Սփիւռք

Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը կ՛ողջունէ Չեխիոյ Ծերակոյտին կողմէ Հայոց, ինչպէս նաեւ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ազգային եւ կրօնական այլ փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի ընթացքին նացիներու կողմէ մարդկութեան դէմ ի գործ դրուած յանցագործութիւններու դատապարտման բանաձեւին միաձայնութեամբ ընդունումը:

Յիշենք, որ ասիկա երկրորդ անգամն է, որ Չեխիոյ Օրէնսդիր տունը պաշտօնապէս կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Ասիկա քայլ մը եւս յառաջ կը մղէ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը: «Այս առիթով կոչ կ՛ուղղենք Եւրոմիութեան մնացեալ քանի մը անդամ երկիրներու խորհրդարաններուն, որոնք ցարդ նման բանաձեւեր չեն ընդունած, յիշելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ յորդորելու Թուրքիան, որ վերջապէս ճանչնայ ցեղասպանութիւնը եւ հայ ժողովուրդին հատուցում կատարէ», յայտնած է Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի հասարակական կապերու պատասխանատու Յարութ Շիրինեան: