Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Չեխիոյ Ծերակոյտի Բանաձեւը Աւանդ Է Պատմական Արդարութեան Վերականգնման Գործին Մէջ

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց Չեխիոյ Ծերակոյտին կողմէ որդեգրուած բանաձեւով Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտումը` դիտել տալով, որ այդ որոշումը ծանրակշիռ աւանդ է պատմական արդարութեան վերականգնման եւ ցեղասպանութիւններու ու մարդկութեան դէմ նոր յանցագործութիւններու կանխարգելման առումով:

Հայաստանի Ազգային ժողովը եւս յայտարարութեամբ մը իր երախտագիտութեան խօսքը յղեց Չեխիոյ խորհրդարանին` Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտման առնչութեամբ: Յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ.

«Բանաձեւի հեղինակ, Չեխիոյ խորհրդարանի Ծերակոյտի փոխնախագահ Միլան Շտյեխը տակաւին 6 Մայիս 2019-ին Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումին շեշտած էր, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւի ընդունումը իրենց օրակարգին վրայ է:

«Ես վստահ եմ` այն, ինչ որ տեղի ունեցած է 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ, ցեղասպանութիւն է», իր խօսքին մէջ նշած էր Միլան Շտյեխը` վստահեցնելով, որ ջանքեր պիտի գործադրէ` այդ փաստը Չեխիոյ Ծերակոյտին կողմէ եւս ընդունել տալու ուղղութեամբ:

«Հոկտեմբեր 2019-ին ալ Չեխիա կատարած այցելութեան ժամանակ Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Հայաստան-Չեխիա խորհրդարանական բարեկամական խումբի ղեկավար Գայեանէ Աբրահամեանը եւս Չեխիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի Ծերակոյտին կողմէ  Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւի ընդունման հարցը բարձրացուցած էր: Հիմնական քննարկումը կը ծաւալէր Հայոց ցեղասպանութեան փաստը Ծերակոյտին կողմէ ընդունելու հարցին շուրջ եւ Ծերակոյտի փոխնախագահները յայտնած էին, որ պիտի նախաձեռնեն յառաջիկայ տարուան ընթացքին Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւի ընդունման:

«Հակառակ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ քաղաքական ու տնտեսական հսկայական ճնշումներուն, արդարութեան վերականգնման, Ցեղասպանութեան դատապարտման պատմական իրադարձութիւնը իրողութիւն է:

«Բանաձեւի ընդունումը դիւանագիտական խողովակներու ճիշդ կիրարկման, ներկայ եւ նախկին դեսպաններու ամէնօրեայ եւ հետեւողական նուիրեալ աշխատանքի եւ խորհրդարանական բոլոր հարթակներուն վրայ ձեւաւորուած ջերմ յարաբերութիւններու արդիւնքն է:

«Հայ ժողովուրդը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ բանաձեւի հեղինակ, Չեխիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի Ծերակոյտի նախագահի տեղակալ Միլան Շտյեխին, Հայոց Ցեղասպանութեան հարցի բարձրաձայնման եւ դատապարտման նուիրեալ, Չեխիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի Ծերակոյտի նախագահի առաջին տեղակալ Միլուշէ Հորսկային, բոլոր պատգամաւորներուն եւ չեխ ժողովուրդին»: