Արցախի ԱԳՆ-ն Ծանուցագիրներ Ուղարկած է ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպայի Խորհուրդի Գլխաւոր Քարտուղարներուն

Աշխարհ, Հայաստան

Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին միջազգային դաշնագրով եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրով ստանձնած պարտաւորութիւններուն համաձայն` Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը ծանուցագիրներ ուղարկած է համապատասխանաբար Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան Գլխաւոր քարտուղար Անթոնիոյ Կութերէշին եւ Եւրոպայի խորհուրդի Գլխաւոր քարտուղար Մարիա Պեյչինովիչ Պուրիչին Արցախի կողմէ տուեալ միջազգային դաշնագիրներով նախատեսուած ժամանակաւոր իրաւական միջոցներ ձեռնարկելու մասին` նոր տեսակի «քորոնա» ժահրի (COVID-19) տարածման սպառնալիքի հիմքով երկրին մէջ արտակարգ իրավիճակ մտցնելու պատճառով:

 Այս մասին «Եռագոյն»-ը կը տեղեկանայ Արցախի Հանրապետութեան ԱԳՆ-էն:

Ծանուցագիրներուն մէջ կը նշուի, որ հանրապետութեան ողջ տարածքին արտակարգ իրավիճակ յայտարարուած է 2020 թուականի Ապրիլ 12-ին 30 օր ժամկէտով եւ երկարաձգուած մինչեւ Յունիս 11: Արցախի Հանրապետութիւնը կը պարտաւորուի Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան Գլխաւոր քարտուղարին եւ Եւրոպայի խորհուրդի Գլխաւոր քարտուղարին տեղեկացնելու արտակարգ իրավիճակի ժամանակ իր կողմէ ձեռնարկուած իրաւական միջոցներուն, ինչպէս նաեւ այդ միջոցներու կիրառման դադրեցման ամսաթիւի մասին:

Արցախի Հանրապետութիւնը միակողմանիօրէն միացած է Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին միջազգային դաշնագիրին 1992 թուականին եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրին` 2015 թուականին: