Category: Աշխարհ
Ազրպէյճանը Հրետակոծած է Արցախի Տողը, Տիգրանավանը, Այգեհովիտը. Հայկական Կողմը Բնակավայրերը Չի Թիրախաւորեր
Ազրպէյճանը կը շարունակէ կրակի տակ պահել Արցախի խաղաղ բնակավայրերը, խախտելով միջազգային պայմանագրերու բոլոր դրոյթները։ ԱՀ Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ Հոկտեմբեր 15 լոյս 16-ին, յատկապէս լուսադէմին, թշնամին հրետանիի կիրառումով […]
Սուրիացի Վարձկան Ահաբեկիչները Սարսափած Են Հայ Դիպուկահարներէն
Անկախ լրագրող Լինտսի Սնել, որ առաջիններէն մէկն է, որ աշխարհին յայտնած է Արցախի մէջ կռուող սուրիացի ահաբեկիչներուն մասին, նոր վկայութիւն հրապարակած է: «Կը պատմէ Ազրպէյճանէն վերջերս վերադարձած Սուրիական Ազգային բանակի […]
Open Letter From Mother Arousiag Sajonian To The French
Dear friends, For 17 days now, the Nagorno-Karabakh region, also called Nagorno-Karabakh or Artsakh, has suffered an unprecedented attack by Azerbaijan since the war of 1990-1994 which killed 30 …. […]
Ժողովրդային Զօրակցական Հաւաք Իրաքլիոյի Մէջ
«Ազատ Օր» Չորեքշաբթի երեկոյեան, Աթէնքի ժողովրդային ցոյցին զուգահեռ, Կրետէ կղզիին մէջ ապրող հայութիւնը միասնաբար հաւաքուելով Իրաքլիոյի կեդրոնական հրապարակին վրայ, իր զօրակցութեան ձայնը լսելի դարձուց Արցախի մէջ քաջաբար դիմադրող հայ զինուորին։ […]
UNICEF-Հայաստանը Ցաւ Կը Յայտնէ ՀՀ Գեղարքունիքի Մարզին մէջ 14-ամեայ Երեխայի Ծանր Վիրաւորուելուն Վերաբերեալ
ՄԱԿ-ի մանկական հիմնադրամի (UNICEF) Հայաստանի գրասենեակը ցաւ կը յայտնէ ՀՀ Գեղարքունիքի մարզին մէջ ազրպէյճանական ԱԹՍ-ի հարուածէն 14-ամեայ երեխայի ծանր վիրաւորուելուն վերաբերեալ եւ կը վերահաստատէ բնակչութեան ու քաղաքացիական ենթակառուցուածքները պաշտպանելու իր […]
Աթէնքի Հայութիւնը Խուռներամ Շարքերով Պահանջեց Արցախի Միջազգային Ճանաչումը. Բողոքի Քայլարշաւ եւ Ցոյց Դէպի Թրքական Դեսպանատուն (լուսանկարներ)
«Ազատ Օր» Աւելի քան 2000 հոգի, ընդառաջելով Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան կոչին, Չորեքշաբթի՝ 14 Հոկտեմբեր 2020ի երեկոյեան, հաւաքուեցաւ Աթէնքի կեդրոնական «Սինտաղմա» հրապարակին առջեւ, մասնակցելու համար բողոքի քայլարշաւին եւ ցոյցին դէպի […]
«Կարօ Փայլանի Կողքին Ենք» Նշանաբանով Արշաւ
Թուրքիոյ իշխանամէտ մամուլը իր բոլոր միջոցներով կը փորձէ հրահրել Արցախի շուրջ հետզհետէ սաստկացող պատերազմը։ Պոլսահայ «Ակօս»-ի տեղեկութիւններով՝ այդ ընթացքին մէջ կարգ մը շրջանակներ ալ կը փորձեն ատելութեան մթնոլորտէն օգտուելով՝ հալածել […]
Ատրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Պահանջող 750,000 Դիմումներ՝ Քոնկրեսին
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը 14 Հոկտեմբերին տեղեկացուց, թէ ցարդ Միացեալ Նահանգներու 50 նահանգներէն առաւել քան 750,000 դիմումներ կատարուած են Քոնկրեսին՝ պահանջելով անկէ, որ ոչ միայն Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններուն դէմ […]
ԱՄՆ-ն Թուրքիոյ Կոչ Կ՝ընէ Դադրեցնելու Ազրպէյճանը Զինելը
Թուրքիան կը զինէ Ազրպէյճանը՝ հաշուի չառնելով միջազգային խաղացողներուն կոչերը: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, Հոկտեմբեր 14-ին, հեռախօսային ճեպազրոյցի մը ընթացքին ըսած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Մայքլ Պոմպէոն՝ պատասխանելով լրագրողի հարցին, թէ […]
Ֆրանսայի Խորհրդարան Ներկայացուած է Արցախի Հանրապետութիւնը Ճանչնալու Մասին Օրինագիծ
Ֆրանսայի խորհրդարանի ստորին պալատ ներկայացուած Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչնալու մասին օրինագիծ: «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ՝ այս մասին յայտնած է Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւններ ֆոնտի գործադիր տնօրէն Դաւիթ Փափազեան` աւելցնելով, որ այդ ուղղութեամբ վերջին […]










