Ամերիկահայերը Քոնկրեսէն Կը Պահանջեն Պատժամիջոցներ Սահմանել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի Նկատմամբ

Աշխարհ, Սփիւռք

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակող հազարաւոր հայեր եւ օտարներ, որոնք կը սատարեն հայ ժողովուրդին, Հոկտեմբեր 15-ին բողոքի ցոյց կազմակերպած են Ուաշինկթընի մէջ` Քոնկեսի շէնքին դիմաց, եւ դատապարտած են Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ` Արցախի եւ Հայաստանի դէմ սանձազերծած ռազմական գործողութիւնները:

«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` բողոքի ցոյցին մասնակիցները ԱՄՆ-ի իշխանութիւններէն պահանջած են պատժամիջոցներ կիրառել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նկատմամբ, դադրեցնել որեւէ ռազմական կամ այլ օգնութիւն տրամադրել վերոնշեալ երկիրներուն եւ ճանչնալ Արցախը:

Անոնք ծածանած են Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները, իսկ պաստառներուն վրայ գրած են. «Մենք արդարութիւն կը պահանջենք», «Կանգնեցուցէ՛ք Ազրպէյճանը», «Ճանչնալ Արցախը», «Վե՛րջ տուէք պատերազմին», «Պիտի յաղթենք»:

Բողոքի ցոյցին մասնակիցները վանկարկած են «Ամօ՛թ Թուրքիոյ, ամօ՛թ Ազրպէյճանին», «Էրտողանն ու Ալիեւը ահաբեկիչներ են», «Պայքա՛ր, պայքա՛ր մինչեւ վերջ»:

Աւելի առաջ ամերիկահայերը բողոքի ցոյց ըրած էին ԱՄՆ-ի Թուրքիոյ դեսպանին տան դիմաց, յետոյ` Սպտակ տան դիմաց: Անոնք պահանջած են ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը, զրկել Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի անդամակցութենէն, դադրեցնել ֆինանսական աջակցութիւնը Ազրպէյճանին ու Թուրքիոյ:

Նման պահանջներով հայերը բողոքի ցոյցեր կ՛իրականացնեն ոչ միայն ԱՄՆ-ի, այլեւ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ: