Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Հայերը Փակած Են Միջպետական Ճանապարհները՝ Անդամալուծելով Եւրոպան

Սփիւռք

Առաւօտեան 7-ին հայերը երկու կողմէն փակած են Պելճիքա-Ֆրանսա միջպետական ճանապարհը` բողոքի ցոյց կազմակերպելով ընդդէմ Արցախի եւ Հայաստանի նկատմամբ արդէն 20 օրէ ի վեր իրականացուող ազրպէյճանա-թրքական յարձակումին, խաղաղ բնակչութեան հասցուող վնասներուն:

Եւրոպական շարք մը երկիրներու մէջ փակուած են կարեւոր նշանակութիւն ունեցող միջպետական ճանապարհները` անդամալուծելով Եւրոպան: Մասնաւորապէս` երկկողմանի փակ եղած է Պելճիքա-Հոլանտա, Գերմանիա-Դանիա, Ֆրանսա-Սպանիա, Ֆրանսա-Իտալիա մայրուղիները:

Անոնք եւրոպական երկիրներէն պահանջած են չլռել եւ արձագանգել Արցախի եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն:

Պելճիքա-Ֆրանսա միջպետական ճանապարհը փակող բողոքի ցոյցին մասնակիցներէն Տաթեւիկ Սարգսեան «Հետք»-ին յայտնած է` Ֆրանսայի հիւսիսը գտնուող Լիլ քաղաքէն դէպի Պելճիք տանող ճանապարհը մէկ ժամէն աւելի երկկողմանի փակ եղած է:

«Մենք իրենց կը հասկցնենք, որ եթէ անոնք փողի համար չեն ընդունիր ոչ մէկ օրէնք, այս ձեւով աւելի մեծ ֆինանսական կորուստներ պիտի ունենան»,- նշած է Սարգսեան:

Այսօր` առաւօտուան ժամը 5-էն, հայերը եւ եզիտիները փակած էին Գերմանիոյ Համպուրլ քաղաք մտնող գլխաւոր ճանապարհները` պահանջելով, որ Գերմանիան ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը եւ դադրեցնի զէնքի վաճառքը Թուրքիոյ: 

Համպուրկի մէջ բողոքի ցոյցին միացիցներէն Սպարտակ Յովհաննիսեան «Հետք»-ի հետ զրոյցի ժամանակ նշած է, որ ժամը 5-էն մինչեւ 9-ը քաղաքի գլխաւոր ճանապարհները երկկողմանի փակ եղած են, որ յառաջացուցած էր քանի մը քիլոմեթրի հասնող խցանում: Վերջինիս խօսքով` նպատակն էր նաեւ, որ միջազգային մետիան արձագանգէր Հայաստանի եւ Արցախիմէջ տեղի ունեցող ռազմական գործողութիւններուն, խաղաղ բնակչութեան հրետակոծման:

«Հիմա շարք մը թերթերով, ձայնասփիւռով, հեռուստեսիլով կ՛անդրադառնան», – աւելցուցած է Յովհաննիսեան: 

Հաւաքուած հայերու եւ եզիտիներու կոչերը նոյնն են` «Արցախը Հայաստանն է», «Պիտի յաղթենք», «Էրտողան, Ալիեւ ահաբեկիչներ» եւ այլն: