Յունաստանի ԱԳ Նախարարը Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին
Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիկոս Տենտիաս Հոկտեմբեր 16-ին այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Ինչպէս տեղեկացնէ «Արմենփրես», Յունաստանի ԱԳ նախարարին կ՛ուղեկցէին ՀՀ ԱԳ նախարարի տեղակալ Աւետ Ադոնցն ու Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեան, Հայաստանի մէջ Յունաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էւանգելոս Թուրնաքիսը:
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան նախարար Նիկոս Տենտիասին ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի ստեղծման պատմութիւնը:
Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ շրջայց կատարեց թանգարան-հիմնարկ, իր գրութիւնը ձգեց թանգարանի յուշամատեանին մէջ: