Լոս Անճելըսի Ոստիկանապետը Կ՛ողջունէ Հայ Համայնքի Ցոյցերը՝ Դատապարտելով Արցախի Վրայ Յարձակումը

Աշխարհ, Սփիւռք

 Լոս Անճելըսի գաւառի ոստիկանութիւնը, զօրակցութիւն յայտնելով հայ համայնքին՝ տարածած է հաղրոդագրութիւն մը։

«Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանութիւնը կը հետեւի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ծաւալող բախումներուն։ Հակառակ անոր, որ անոնք տեղի կ՛ունենան Լոս Անճելըսէն 7200 մղոն հեռու, անոնք չափազանց եւ անմիջական կարեւորութիւն ունին շատերու համար՝ մեր համայնքին մէջ: Մենք կը լսենք եւ կը հասկնանք»,- կը գրէ շերիֆ Ալեքս Վիանուեւա՝ աւելցնելով. «Մենք ականատեսն ենք եւ կը դատապարտենք Արցախի բնակչութեան հանդէպ իրականացուող բռնութիւնը եւ յարձակումները: Մենք կ՛ողջունենք համերաշխութեան խաղաղ ցոյցերը՝ Լոս Անճելըսի մէջ եւ կանգնած ենք ձեր կողքին՝ խաղաղութեան մեր ընդհանուր պահանջով»։