Հակառակորդը Հարաւային՝ Խուդաֆերինի Ջրամբարի Ուղղութեամբ Մեծ Կորուստներ Կրելով Կը Նահանջէ. ՊՆ
Հակառակորդը հարաւային ուղղութեամբ` Խուդաֆերինի ջրամբար, մեծ կորուստներ կրելով կը նահանջէ:
Այս մասին տեղեկացուց ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան:
Խուդաֆերինի կամ Խոդայ Աֆարինի ջրամբարը արհեստական լիճ է Արաքս գետի վրայ` Իրանի եւ Արցախի սահմանին: ԻԻՀ Արեւելեան Ազրպէյճան նահանգի Խոմարլու քաղաքէն հեռու է 8 քիլոմեթր, իսկ Արցախի Հատրութի շրջանի Առաջամուղ գիւղէն` 30 քիլոմեթր: