«Իրանը Չ՛ընդունիր Ահաբեկիչներու Ոճով Մարդոց Գլխատումը»․ Իրանի ԱԳՆ Խօսնակը` ԼՂ Հակամարտութեան Գօտիէն Հրապարակուած «Անհանգստութիւն Յառաջացնող» Լուսանկարներու Մասին

Աշխարհ

Իրանի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Սայիտ Ղաթիբզատէ անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն հրապարակուած «անհանգստացնող» լուսանկարներուն` յայտարարելով, որ Իրանը չ՛ընդունիր մարդոց ահաբեկիչներու ոճով գլխատումը, ինչպէս նաեւ քաղաքներու եւ անմեղ բնակիչներու ուղղութեամբ հարուածները:

Ղաթիբզատէ նշած է, որ Իրանը չի հանդուրժեր թաքֆիր-ահաբեկիչներուն («Ալ Թաքֆիր ուալ-հիճրա» ծայրահեղական կազմակերպութիւն) բնորոշ չարագործութիւնները, մարդոց գլխատում կամ յարձակումներ քաղաքներու եւ անմեղ մարդոց վրայ, կը փոխանցէ Tert.am-ը:

Ան հակամարտութեան երկու կողմերուն «կոչ ըրած է պահպանել միջազգային կանոնները»:

Աւելի առաջ ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյան տեղեկացուցած էր, որ Ազրպէյճանի զինուորականները քանի մը օր առաջ հայ զինծառայող մը գլխատած են: Հոկտեմբեր 16-ին` ժամը 13-ի մօտ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու զինուորական մը զանգահարած է հայ զինծառայողի հարազատ եղբօրը եւ տեղեկացուցած, որ անոր եղբայրը կը գտնուի իրենց մօտ, իրենք կոտրած են եղբօր գլուխը, իսկ լուսանկարը պիտի տեղադրեն համացանցին վրայ: Ատկէ ետք` զանգէն քանի մը ժամ անց սպաննուած զինծառայողին լուսանկարը եղբայրը յայտնաբերած է անոր սոցիալական ցանցի էջին վրայ: Կայ վարկած, որ նոյն ազրպէյճանցի զինուորականներն ալ նկարը ընկերային ցանցի էջին վրայ տեղադրած են սպաննելէն ետք: