Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Ղեկավարները Հանդիպելու Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնեն

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ անդրադարձան Ռուսիոյ միջնորդութեամբ, Մոսկուայի մէջ հանդիպելու պատրաստակամութեան վերաբերող հարցումին:

Ըստ «Արմէնփրէս»-ի՝ «Թասս» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցներու ընթացքին թէ՛ Նիկոլ Փաշինեան, թէ՛ Իլհամ Ալիեւ նշած են, որ պատրաստ են հանդիպելու՝ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղիներ գտնելու համար:

«Պատրա՞ստ էք երթալ Մոսկուա, որպէսզի հանդիպում ունենաք ձեր պաշտօնակիցին հետ՝ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ»,ճ հարցուցած է լրագրողը. Փաշինեան պատասխանած է. «Ես արդէն ըսի՝ մենք միշտ ըսած ենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պէտք է լուծուի բացառապէս խաղաղ ճանապարհով: Ցաւօք, այդ Ազրպէյճանն է, որ համաձայն չէ այս տեսակէտին հետ: Մեր դիրքորոշումն է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի բացառապէս խաղաղ ճանապարհով: Եւ ես պատրաստ եմ ներդնել բոլոր անհրաժեշտ ջանքերը՝ նման արդիւնքի հասնելու համար, ներառեալ՝ երթալ, հանդիպիլ, խօսիլ: Բայց մենք բոլորս պէտք է հասկնանք, որ լուծումը պէտք է հիմնուած ըլլայ փոխզիջման վրայ: Ոչ թէ կողմերէն մէկուն անձնատուոթեան դաշինքի, այլ փոխզիջման: Ի միջի այլոց, եթէ հակառակ կողմէն չկայ փոխզիջման պատրաստակամութիւն, մենք պատրաստ ենք պայքարելու մինչեւ վերջ՝ Լեռնային Ղարաբաղի մեր ժողովուրդի իրաւունքին, մեր հայրենակիցներու իրաւունքներուն համար: Սա Հայաստանի կառավարութեան, Հայաստանի ժողովուրդին, Հայկական Սփիւռքի դիրքորոշումն է: Եւ ես կը կարծեմ, որ սա ազնիւ եւ կառուցողական դիրքորոշում է»:

«Թասս»ի լրագրողի նոյն հարցումին Ազրպէյճանի նախագահը իր կարգին պատասխանած է, որ Պաքուն պատրաստ է հայկական կողմին հետ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով բանակցութիւններու՝ Մոսկուայի մէջ կամ այլուր:

«Մենք միշտ պատրաստ ենք հանդիպում ունենալու Մոսկուայի եւ որեւէ այլ քաղաքի մէջ, որպէսզի վերջ դնենք դիմակայութեան եւ գտնենք լուծման ուղիներ»,- ըսած է Ալիեւ։