Լաւրով Կոչ Կ՛ընէ Չլարելու Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Իրավիճակը

Աշխարհ, Հայաստան

Անհրաժեշտ է դադրեցնել առճակատման հռետորաբանութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարտական գործողութիւնները: Այս մասին յայտարարած է ՌԴ ԱԳՆ ղեկավար Սերգէյ Լաւրով, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

Անոր խօսքով` Ռուսիան բուռն աշխատանք կը տանի Երեւանի եւ Պաքուի հետ Ղարաբաղի մէջ կրակը դադրեցնելու համար հսկողութեան մեքանիզմ ներդնելու ուղղութեամբ: «Յուսով եմ` անիկա շուտով կը ներդրուի: Մոսկուայի մէջ ՀՀ եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումէն ետք յոյսերը չարդարացան, Ղարաբաղի մէջ մարտերը կը շարունակուին, ինչ որ անընդունելի է»,-ըսած է Լաւրով:

Նախարարը նաեւ յայտնած է, որ Ռուսիան, Ազրպէյճանն ու Հայաստանը կրնան մօտ ժամանակներս համաձայնեցնել կրակմարի համար հսկողութեան մեքանիզմ ներդնելու հարցը:

«Որպէսզի կրակմարը աշխատի (մենք ատոր արդէն համոզուած ենք երկու փաստաթուղթերէն ընդունումէն ետք, որոնք թոյլ տուած են էապէս փոխել իրավիճակը), անհրաժեշտ է հրադադարի պահպանման հսկողութեան մեքանիզմ ստեղծել: Այդ ուղղութեամբ մենք բուռն կ՛աշխատինք, ներառեալ մեր պաշտպանութեան նախարարութիւնը Հայաստանէն եւ Ազրպէյճանէն իր գործընկերներուն հետ միասին: Յուսով եմ` մօտ ժամանակներս կը համաձայնեցուի այդ մեքանիզմը»,-ըսած է ՌԴ ԱԳՆ ղեկավարը: