Թշնամիին Անօդաչու Թռչող Սարքերու Հարուածներէն Հայաստանի Մէջ Երկու Դպրոց Վնասուած է

Հայաստան

Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմի պայմաններուն մէջ թշնամիին անօդաչու թռչող սարքերու վերջին օրերու հարուածներու հետեւանքով վնասուած են Գեղարքունիքի մարզի Սոթք եւ Կութի համայնքներու միջնակարգ դպրոցները:

«Հարուածներու ալիքէն կոտրուած են ուսումնական հաստատութիւններու պատուհաններու ապակիները, պատերը ճաքած են: Բարեբախտաբար, դպրոցներու վարչական անձնակազմը եւ այլ աշխատակիցներ չեն տուժած»,- կը յայտնեն կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութենէն: