Հալէպահայութիւնը Իր Նորահաս Սերունդներով Արցախի Կողքին

Սփիւռք

Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 18 Հոկտեմբերին աւելի քան 1500 հալէպահայեր հաւաքուած էին Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակ, Հալէպէն իրենց զօրակցական կոչը ուղղելով Արցախի անկախ հանրապետութեան, անոր յաղթական բանակին ու ժողովուրդին։ ِԱյս մասին կը հաղորդէ “Գանձասար”-ը։

Ազգային_յեղափոխական երգերով հանդէս եկաւ երգիչ Յակոբ Մկրտիչեան, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Ճորճ Հինտոյեանի։

Համերգը նուիրուած էր անառիկ Արցախին ու անոր հզօր բանակին։

«Արցախը Հայաստան է» , «պիտի յաղթենք» , «Ճանաչում Արցախի Հանրապետութեան» կոչերով Հարիւրաւոր երիտասարդներ, պատանիներ բեմ բարձրանալով խոստում տուին որպէս նորահաս սերունդներ իրենց բոլոր կարելիութիւններով զօրավիգ կանգնելու Արցախին։