Ազրպէյճանը Արցախի Խաղաղ Բնակչութեան Դէմ Արգիլուած Զէնք Կը Կիրառէ

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտէն ոչ հեռու յայտնաբերուած է Ազրպէյճանի կողմէ արձակուած քասեթային հրթիռ՝ 260-էն աւելի պայթած ու չպայթած բեկորային ռումբերով, որ միջազգային բոլոր պայմանագրերու դրոյթներով՝ արգիլուած է կիրառել խաղաղ բնակչութեան վրայ։ Այս մասին կը հաղորդէ Արցախի տեղեկատուական շտաբը։

Տարածքը, ուր յայտնաբերուած է հրթիռը, ունի տնտեսական նշանակութիւն: Այստեղ մարդիկ կը զբաղին անասնապահութեամբ, այգեգործութեամբ ու մեղուաբուծութեամբ:

Մօտակայքը ռազմական որեւէ կեդրոն չկայ: Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան Փրկարար ուժերու վարչութեան սակրաւորական խումբերը արօտավայրի ու յարակից անտառներու մէջ յայտնաբերուած զինամթերքը յետագային պիտի ոչնչացնեն:

Այս օրերուն Արցախի մէջ գտնուող հայկական ու արտասահմանեան լրատուամիջոցները նկարահանած եւ լուսաբանած են սակրաւորներու աշխատանքը:

ԱԻ պետական ծառայութիւնը մէկ անգամ եւս կը յորդորէ մեր հայրենակիցներուն՝ տան բակերուն, այգիներուն, թէկուզ անտառներուն մէջ ռումբ, կամ այլ պայթուցիկ նիւթեր յայտնաբերելու պարագային անյապաղ զանգահարել  911,112,101 շուրջօրեայ գործող հեռախօսահամարներուն:

☎️