Category: Սփիւռք
Պաքու Կը Դատապարտէ Ռայտ-Ստեփանակերտ Համաձայնութիւնը
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը 26 Յուլիսին տեղեկացուց, թէ Պաքու ակնկալուածին նման դատապարտեց Ռայտ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ միաձայնութեամբ վաւերացուած այն բանաձեւը, որուն շնորհիւ քաղաքը Բարեկամ քաղաքի յարաբերութիւններ պիտի հաստատէ Արցախի […]
Մուսա Լերան Հրաժեշտի Նշում Եւ Վարդավառի Տօնախմբութիւն` Այնճարի Մէջ
Կիրակի, 28 Յուլիս 2019-ին, հովանաւորութեամբ Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի մարմինին եւ կազմակերպութեամբ Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հրաժեշտի նշում եւ Վարդավառի տօնախմբութիւն: Սուրբ եւ անմահ պատարագէն […]
Հայկական Անուշն ու Հիւթերը՝ Շիքակոյի Մէջ
Հայկական արտադրութեան պահածոները 10 օրէն աւելի է, որ վաճառքի համար ներկայացուած են Ամերիկայի Իլինոյս նահանգի Շիքակօ քաղաքի խոշոր ցանցային ընկերութիւններէն մէկուն՝ «FRESH FARMS»-ի մէջ: Առաջին օրերու շրջանառութիւնը ցոյց տուած է, […]
Հոգեհանգիստ — Ոգեկոչում՝ Յունաստանի Մէջ
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ՝ Լիզպոնի հինգ տղոց յիշատակին հոգեհանգիստ պիտի մատուցուի Կիրակի 28 Յուլիսի առաւօտեան, Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ մէջ՝ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին: Կը հրաւիրենք բոլոր հայրենակիցները յարգելու […]
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքը Կը Շարունակուի Յագեցած Ծրագիրով
20 Յուլիսը 6-րդ օրն էր Համազգայինի ֆորումին: Ֆորումականները նախ այցելեցին Էջմիածինի մայր տաճար, այնտեղ ծանօթացան Գէորգեան ճեմարանին, որմէ ետք քալելով ուղղուեցան Ս. Գայեանէ եկեղեցի, ուր կան Սարդարապատի ճակատամարտի հրամանատար Դանիէլ […]
Զարեհ Սինանեան Հանդիպեցաւ Դաշնակցական Երիտասարդական Կառոյցներու Անդամներու Հետ
Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան Հինգշաբթի, 25 Յուլիսին հանդիպեցաւ աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ գործող ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներու հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkirmedia.am-ը։ Դաշնակցական երիտասարդները Սինանեանին […]
ՀՀ Նախագահը Կոչ Ըրած է Անտարբեր Չըլլալ Մխիթարեան Միաբանութեան Մուրատեան Վարժարանի Ճակատագրին Հանդէպ
Աշխատանքային այցով Ֆրանսա գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Փարիզի մէջ հանդիպած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ, Գերապայծառ Տէր Լեւոն արքեպիսկոպոս Զեքիյեանի հետ: Անոնք խօսած են Մխիթարեան միաբանութեան գործունէութեան, […]
Կլենտէյլի Քաղաքապետ Արա Նաճարեան՝ Սան Ֆերնանտօ Հովիտի 200 Ազդեցիկ Գործիչներու Շարքին
Քաղաքապետ Արա Նաճարեանի «Ֆէյսպուք»-ի էջէն կը տեղեկանանք, որ ան Սան Ֆերնանտօ Հովիտի ամէնէն ազդեցիկ երկու հարիւր հասարակական-քաղաքական գործիչներէն մէկը համարուած է: 58-ամեայ քաղաքապետը կրթութեամբ իրաւաբան է: Ան չորրորդ անգամն է […]
Հայկական Եւ Ասորական Համայնքները Լոս Անճելըսի Մէջ Ստորագրած Են Համագործակցութեան Յուշագիր
Հարաւային Քալիֆորնիոյ Ասորա-հայկական միութիւնը (AAASC) եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Յուլիս 22-ին փոխըմբռնման եւ համագործակցութեան յուշագիր ստորագրած են երկուստեք յարաբերութիւններու խորացման նպատակով: Յուշագիրը կ՛ընդգծէ երկու համայնքներուն միջեւ պատմական […]
Գալուստ Կիւլպէնկեանի Ծննդեան 150-ամեակի Նշում Լիզպոնի Մէջ
Ազգային բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեան անցեալ շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ Լիզպոնի մէջ: Ինչպէս ծանօթ է, այս տարի կը նշուի Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150-ամեակի յոբելեանը: Յոբելենական տարուան շրջանակներուն մէջ կեանքի կը կոչուին զանազան ծրագրեր […]










