Համազգայինի Մոնթեվիտէոյի Մասնաճիւղը Պատուեց Մեծն Կոմիտասի Ծննդեան 150ամեակը

Սփիւռք

Համազգայինի Մոնթեվիտէոյի «Լ. Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան ճիգերով ամիսներ տեւած աշխատանքը տուաւ սպասուած արդիւնքը:

Արդարեւ, «Հայկական Երեկոյ» անուան տակ բեմադրութիւնը մեծ յաջողութիւն արձանագրեց: Անիկա բաղկացած էր երկու բաժիններէ. առաջինով պալէի մեծ վարպետ, Պուէնոս Այրեսի աշխարհահռչակ «Քոլոն» թատրոնին մէջ երկար տարիներ հանդէս եկած իբրեւ գլխաւոր պարող, իսկ այժմ գեղարուեստական ղեկավար, Վահրամ Համբարձումեան մարմնաւորեց Մեծն Կոմիտաս վարդապետի կեանքի չարաբաստիկ Ապրիլ 24ի վերջին գիշերը, սքանչելի բեմադրութեամբ եւ իր մտայղացման իբրեւ արդիւնք՝ յուզումի ու ցասումի վայրկեաններ ապրեցանք։ Անոր կ՛ընկերանար «Քոլոն» թատրոնի պալէյի մենակատարներէն Մակտալենա Քորթես: Երկու արուեստագէտնները իրենց  ապրումները այնքան լաւ դրսեւորեցին, որ արդարօրէն արժանացան հանդիսատեսի երկար ծափողջոյններուն:

Երկրորդ բաժինը ամբողջութեամբ նուիրուած էր Համազգայինի «Շիրազ» պարախումբի ելոյթին: Մեր տղաքն ու աղջիկները մեծ ոգեւորութեամբ պատրաստուած էին եւ անհամբեր կը սպասէին անոր գործադրութեան, այդպէս ալ եղաւ: Ժպտադէմ եւ երջանիկ տրամադրութեամբ պարախումբի բոլոր անդամները, իրենց լաւագոյն վայրկեանները ապրեցան եւ կրցան փոխանցել այն սէրը, զոր կը տածեն մեր ժողովրդական պարին նկատմամբ, անշուշտ կարմիր թելի պէս իւրքաչիւր պարի հետ կը զգացուէր հմուտ պարուսոյց մայէսթրօ Վահրամ Համբարձումեանի աշխատանքը, որ այդ սիրողական համոյթը իսկապէս մօտեցուցած է արհեստավարժութեան:

Այստեղ պէտք է արժանին մատուցել պարուսոյց Քաթիա Զաքարեանին, որ ստանցնած է փոքրիկ պարողները մարզելու եւ մեծ բեմ բարձրացնելու պարտականութիւնը: Այս ելոյթին ընթացքին գրեթէ մանուկներէ բաղկացած փոքրիկ խումբը, ներշնջեց մեզի, որ մօտիկ ապագան ապահուած է:

Կարօ Հէքիմեան