Ծաղկաձորի Մէջ Մեկնարկեց Լէոնիդ Ենգիբարեանի Անուան Մնջախաղի Միջազգային 7-րդ Փառատօնը

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Կոտայքի մարզի Ծաղկաձոր քաղաքին մէջ մեկնարկեց Լէոնիդ Ենգիբարեանի անուան մնջախաղի միջազգային 7-րդ փառատօնը։

Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ այս տարի փառատօնին կը մասնակցին արտիստներ 7 երկրէ՝  Ռուսիայէն, Իրանէն, Արժանթինէն, Ֆրանսայէն, Ճափոնէն, Լեհաստանէն եւ Հայաստանէն։

Երեւանի մնջախաղի պետական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար, փառատօնի տնօրէն Ժիրայր Դադասեանի կարծիքով՝ տարուէ տարի կ՝աւելնայ հետաքրքրութիւնը փառատօնին նկատմամբ։

«Այս տարի մեր փառատօնին յայտեր ներկայացուցած են 20-է աւելի թատերախումբեր տարբեր երկիրներէ։ Մենք ընտրած ենք 6 թատերախումբ 6 երկրէ։ Այստեղ հաւաքուած հանդիսատեսը պարտադիր չէ, որ թատերասէր ըլլայ, սակայն ան հնարաւորութիւն ունի դառնալու թատերասէր՝ նայելով փառատօնի ներկայացումները։ Յամենայն դէպս, կը փափաքինք քարոզել ատիկա»,- ըսաւ Դադասեան։

Օգոստոս 13-ի համար նախատեսուած ցերեկային ծրագիրը տեղի պիտի ունենայ Դիլիջանի մէջ (15:00), երեկոյեան ծրագիրը՝ Ծաղկաձորի (20:30), փակման պաշտօնական արարողութիւնը՝ Օգոստոս 14-ին՝ Ծաղկաձորի մէջ։

Հայաստանէն փառատօնին կը մասնակցին Երեւանի մնջախաղի պետական թատրոնը, ԵԹԿՊԻ-ի դերասանական բաժինի մնջախաղի լսարանը, «Ֆորմա» թատերախումբը եւ դերասանուհի Աննա Վարդանեանը: