Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ եւ Խաղողօրհնէք Հալէպի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Սփիւռք

Կիրակի, 11 Օգոստոս 2019-ի, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ.Մասիս Եպս. Զօպուեան: Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան ժողովի ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը: Ընկալեալ սովորութեան համաձայն, Հալէպի մէջ խաղողօրհնէք կը կատարուի Աստուածածնի վերափոխման տօնին նախորդող Կիրակին: Հոգեպարար հանդիպումը ժողովրդային ընդունելութիւն ունէր: Բարեպաշտներ ուխտաւորաբար խաղողի ողկոյզներ նուիրաբերած էին եկեղեցւոյ, անմասն չմնալու համար երկնաէջ օրհնութենէն եւ երախտագիտական զգացումներով ճաշակելու բերքին բարիքը: Երգեցողութիւնը, հոգեխօս ելեւէջներով, երկիւղած պաշտամունքի մթնոլորտ կը ստեղծէր: Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին մասին խօսեցաւ, ներկայացնելով դրուագը, թէ ինչպէս Ան իր ննջումէն` մահէն երեք օր վերջ երկինք փոխադրուեցաւ, համաձայն Քիստոսի խոստումին: Ան անդրադարձաւ նաեւ Աստուածամօր առաքինութիւններուն եւ նկարագրային յատկութիւններուն, որոնց մէջ զօրեղապէս շեշտուած է հեզութիւնն ու հնազանդութիւնը: Ահա թէ ինչո՛ւ ան Աստուծոյ կամքին համակերպեցաւ անվերապահ նուիրումով: Ապա Սրբազան հայրը յայտնեց թէ սրբանուէր մայրութեան կերպարը հրաշալի կերպով եւ կատարելապէս կ`արտացոլայ Աստուածամօր անձին ընդմէջէն: Սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ խաղողօրհնէքի ճամբով բերքի օրհնութեան արարողութիւնը տեղի կ`ունենայ, որպէսզի Աստուած Իր երկնատուր բարիքներով առատապէս օրհնէ բոլոր ուխտաւորներուն նուիրաբերած ողկոյզները: Ապա տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէք: Խորհրդաւոր արարողակարգը պերճախօս ձեւով կը շեշտէր խաղողին իւրայատկութիւնը, որուն նուիրական ըլլալու հասկացութիւնը մասամբ մը կը տեսնուի Հին Ուխտին մէջ, իսկ պատուական պտուղ ըլլալը կատարեալ կերպով կը պարզուի Նոր Ուխտով: Արարողութեան միջոցին օրհնուեցան խաղողները, որպէս երախայրիքները (հունձքի առաջին պտուղները) գոհութեամբ Տիրոջ ընծայելու արտայայտութիւն:

Աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ,որմէ ետք թափօրը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակ: Դպրաց դասը հայաշունչ մեկնաբանութեամբ հնչեցուց «Կիլիկիա» մաղթերգը: Սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքէն ետք հաւատացեալները խաղաղութեամբ արձակուեցան, օրհնուած խաղողէն ողկոյզներ առնելով իրենց հետ։