22 Ծերակուտական Եւս Միացաւ Արցախի Նպաստը Կասեցնելու Որոշումը Փոխելու Ջանքին

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Արցախի ականազերծման նպատակին տրամադրուող աջակցութիւնը կասեցնելու Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին որոշումը փոխելու նպատակով, կառավարութեան վրայ ճնշումը կը շարունակէ աճիլ, այս անգամ շնորհիւ Միացեալ Նահանգներու խումբ մը ծերակուտականներու, որոնք կու գան աւելնալու այս նպատակով Ներկայացուցիչներու տան անդամ 89 քոնկրեսականներուն, որոնք իրենց ստորագրութիւնը դրին քոնկրեսականներ Պրետ Շըրմընի եւ Թի. Ճէյ. Քոքսի հեղինակած այն նամակին տակ, որ վարչակազմէն կը պահանջէ պահպանել Արցախի տրամադրուող այս կենսական նպաստը։

Արդարեւ, անսալով ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզի սկսած ստորագրահաւաքի արշաւին, 16 նահանգներէ 22 ծերակուտականներ ստորագրեցին Արցախի ականազերծման նպատակով տրամադրուելիք օժանդակութեան շարունակականութիւնը երաշխաւորել պահանջող նամակը։

Նշեալ ծերակուտականները հազարաւոր նամակներ եւ հեռաձայնային պատգամներ ստացած էին Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կոչին անսացող ամերիկահայ քաղաքացիներէ, Արցախի ականազերծման ջանքերուն ի նպաստ։

«Իսկապէս տպաւորիչ է քոնկրեսականներուն եւ ծերակուտականներուն ցուցաբերած  ա-ջակցութիւնը, որ ցոյց կու տայ, թէ անոնք յստակօրէն կ՛ընդդիմանան Արցախին ուղղակի օժանդակութիւն տրամադրելը կասեցնելու Թրամփի վարչակազմին անխոհեմ փորձին։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզին, որ կրցաւ 143 միլիոն ամերիկացիներ ներկայացնող ծերակուտականներու զօրակցութիւնը ապահովել», յայտնեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան՝ աւելցնելով, որ Հայ Դատի վարժողական ծրագիրներուն մասնակցողները եւս վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին այս նպատակով բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցան քոնկրեսականներու անձնակազմերուն անդամներուն հետ։

Նամակին մէջ կը շեշտուի, որ ականազերծման նպատակով տրամադրուող նպաստը պէտք է շարունակուի, նկատի ունենալով շրջանի բնակչութեան ապահովութեան երաշխաւորման մէջ անոր կարեւոր դերակատարութիւնը։ Կը նշուի, նաեւ, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն նպաստող ամերիկեան մարդասիրական այս աջակցութիւնը պէտք է շարունակուի մինչեւ կարելի ըլլայ իր լրումին հասցնել ականազերծման արշաւը, որ կ՛իրականացուի «Հէյլօ Թրասթ» կազմակերպութեան միջոցաւ։

Նամակը եւ զայն ստորագրած ծերակուտականներուն ամբողջական ցանկը կարելի է կարդալ՝ https://anca.org/menendez-letter կայքէջին վրայ։