Արոնեանը Սենթ Լուիսի Մրցաշարի Միանձնեայ Առաջատարն է

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Հայկական ճատրակի առաջատար Լեւոն Արոնեանը Սենթ Լուիսի մրցաշարի միանձնեայ առաջատարն է:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ Grand Chess մրցաշարի հերթական փուլի Սենթ Լուիսի մէջ ընթացող արագ ճատրակի մրցաշարի առաջին երեք խաղերուն Արոնեանը յաջորդաբար յաղթեց Ֆրանսայի ներկայացուցիչ Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւին, ռուս Սերգէյ Գարեագինին եւ Ատրպէյճանցի Շահրիար Մամետեարովին:

Այժմ Արոնեանը ունի 6 հնարաւորէն 6 նիշ եւ միանձնեայ առաջատարն է: Անոր կը  յաջորդէ աշխարհի ախոյեան Մակնուս Գարլսէնը: