Մեծանուն Աշուղ Ջիվանիի եւ Բանաստեղծ Վահան Տէրեանի Ծննդավայրերուն Մէջ Կրկին Տօն Էր

Յուլիս 20-ին կրկին բազմամարդ էր Ջաւախքի Կարծախ գիւղը: Վրաստանի Ախալքալաքի շրջանի իշխանութիւններուն նախաձեռնութեամբ՝ ի դէմս քաղաքապետ Եուրա Ունանեանի եւ շրջանային ժողովի նախագահ Նայիրի Իրիցեանի, արդէն 32-րդ անգամ տօնուեցաւ անզուգական Ջիվանիին […]

Ղրիմի Սուրբ Նիկողայոս Վանքը Վերադարձուեցաւ Հայ Համայնքին

Հայրենական մեծ պատերազմի աւարտէն ետք, Եւպատորիոյ (Ղրիմ) հայկական եկեղեցին գործածուած է իբրեւ պահեստ, այնուհետեւ հոն բացուած է տուն-պատսպարան ծերերու եւ հաշմանդամներու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Նոր Յառաջ»-ը։ Ներկայիս, տասնամեակներ […]

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ’ողջունէ Ս. Թադէի եւ Ս. Ստեփանոս Վանքերու (Պարսկաստան) Ուխտագնացութիւնը

Պարսկաստանի Ատրպատական նահանգին մէջ հաստատուած Ս. Թադէի Վանքը իր դարաւոր անցեալով եղած է հայ ժողովուրդի ճառագայթող հոգեւոր կեդրոններէն մէկը: Ամէն տարի Յուլիս ամսուան վերջերը ուխտագնացութիւններ տեղի կ’ունենան՝ մասնակցութեամբ մեր ժողովուրդի […]

Աւստրալիոյ Ռայտ Քաղաքը Եւ Ստեփանակերտը Դարձան Քոյր Քաղաքներ

Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի Ռայտ քաղաքը եւ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտը դարձած են քոյր քաղաքներ: Այս մասին կը յայտնէ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը: Բարեկամական յարաբերութիւններ ձեւաւորելու պաշտօնական որոշումը ընդունած […]

Ախալցխայի Շուրջ 20 Հաւատացեալ Դէպի Հայաստան Ուղեւորուեցաւ

Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի Ընդհանուր Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգեշնորհ Տէր Մաղաքեայ Վարդապետ Ամիրեանի օրհնութեամբ, Յուլիս 22-ին, Ախալցխայի եւ Բորժոմիի տարածաշրջաններու հոգեւոր տեսուչ՝ Հոգշ․ Տէր Յակոբ աբեղայ Սահակեանի առաջնորդութեամբ եւ հոգեւոր տեսչութեան բարերար […]

Հայ Դատը Հիւսթընի Մէջ Ցեղասպանութեան Դասաւանդման Նիւթերուն Կը Ծանօթացնէ Ամերիկացի Ուսուցիչները

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր կրթական ենթայանձնախումբը Յուլիս 2-7 ին տեղի ունեցած Միացեալ Նահանգներու Ազգային կրթական միութեան տարեկան 157-րդ հանդիպումին ընթացքին առիթը ունեցաւ երկրին տարածքէն ժամանած հազարաւոր […]

«Ստեղծարար Հայաստան»-ի Եւ ՀԲԸՄ-ի Նորարար Արուեստագէտներու Յատուկ Դրամաշնորհներ

«Ստեղծարար Հայաստան»ը («Creative Armenia») եւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ՀԲԸՄ) սիրով կը յայտարարեն 2020-ի «Creative Armenia-AGBU Fellowship»երու մեկնարկը՝ մէկամեայ ծրագիր, որ ստեղծուած է նպաստելու աշխարհի նորարար հայ արուեստագէտներուն: Նիւթական եւ […]

Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան Քոլեճի 2018-2019 Տարեշրջանի Ամավերջի Հանդէսը

Շաբաթ, 6 Յուլիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց  թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, քոլեճի բարեկամներու, բարերարներու, ծնողներու, գաղութի եւ գիւղի տարբեր միաւորներու, ազգային իշխանութեանց ներկայացուցիչներու, Այնճարի քաղաքապետին, […]

«Շարլի Հայեացքը» Շարժապատկերը Եւ Ազնաւուրի Նկարահանումները

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ Հինգշաբթի, 11 Յուլիսին, Շանզ Էլիզէի «Փիւպլիսիս» շարժապատկերի սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ Մարք տի Տոմենիքոյի կողմէ պատրաստուած՝ Շարլ Ազնաւուրի նկարահանած ժապաւէնը՝ «Շարլի Հայեացքը» (Le regard de Charles) վերնագիրով: Ներկայ էին […]

«Գուսան» Նուագախումբի 50-ամեակը Արժանթինի Մէջ

21 Սեպտեմբեր 1969-ին, Քորտոպա քաղաքին մէջ (Արժանթին), Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Արմէնիա» Երիտասարդական Միութեան խումբ մը անդամներու կողմէ կատարուեցաւ «Գուսան» նուագախումբի հիմնադրութիւնը: Նկատի ունենալով, որ Սփիւռքի ափերուն այնքան դիւրին չէր հայ […]